4 սեպտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան իբրեւ հետեւանք մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորներ Մարատ Խաչանեան եւ Արման Ստեփանեան:
Արման Ստեփանեանը ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի նուիրեալ ու ազնիւ երիտասարդ էր, բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած: Ծնած է 7 նոյեմբեր 1981-ին: Ամուսնացած է եւ երեք զաւակներու հայր է:
ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը իր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնէ ընկերոջ ընտանիքին ու հարազատներուն: