Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 24-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներուն
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ երէկ մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ ներկայ գտնուած է Վերածնունդի հրապարակին վրայ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան...



















