Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսք Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

October 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dnepropetrovsk_102815

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած այն լուրը, որուն համաձայն, Ուքրանիոյ Տնեճփրոփեթրովսքի քաղաքապետը մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը, իրականութեան չի համապատասխաներ:

Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքային խորհուրդի անդամ, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Էդիկ Բաղդասարեան «Արմէնփրես»-ի յայտնած է, որ քաղաքապետը մէկ շաբաթ առաջ ստորագրած է որոշումը, որ ապա տեղադրուած է քաղաքապետարանի կայքին վրայ:

Բաղդասարեան նոյնիսկ որոշումին օրինակը պատճէնահանած է, որպէսզի ուղարկէ լրատուամիջոցներուն` հերքելու համար ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կեղծիքը:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքային խորհուրդը քննարկման դրած է այս տարուան սեպտեմբերին: Այդ ժամանակ թուրքերն ու ազրպէյճանցիները մեծ աղմուկ բարձրացուցին: Նոյնիսկ Ուքրանիոյ մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը եկած էր քաղաքապետարան` պահանջելով, որ օրինագիծը չորդեգրուի: Անոնք այս մէկ ամսուան ընթացքին անընդհատ խումբերով կու գան քաղաքապետարան եւ ամէն ջանք կը գործադրեն, որպէսզի օրինագիծը չորդեգրուի: Սակայն 24 հոկտեմբերին, Տնեփրոփեթրովսքի քաղաքապետը ստորագրած է քաղաքային խորհուրդի ներկայացուցած օրինագիծը, եւ ատիկա մտած է ուժի մէջ», հաստատած է Բաղդասարեան:

 

Նախորդը

Անտրէաս Պեշքէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Գերմանիան Պէտք Է Պատմական Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ»

Յաջորդը

Սպանիոյ Ալտայա Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 10, 2026
Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.