ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 27 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որ առաջարկներ ներկայացուցած է անոնց: Առաջին հերթին ան անհրաժեշտ նկատած է նոր որակ հաղորդել զինադադարի դրութեան պահպանման եւ անոր խախտումներուն համար պատասխանատուութեան մեքանիզմներու յստակեցման` հաստատելով, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը պատրաստ է ըստ ամենայնի մասնակցիլ այդ գործընթացին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ազրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութիւնը եւ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումները, պաշտօնական Պաքուի կողմէ որեւէ կառուցողական առաջարկներու մերժումը կը վտանգեն շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանումը եւ այս ուղղութեամբ միջնորդներուն կողմէ կատարուող առաքելութիւնը: