Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Քրիստոնեային Համար Քրիստոսն Ու Իր Խաչափայտը Կը Մնան Կեանքի Մեծութիւն Եւ Առաջնորդութիւն» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Հոկտեմբեր 26, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

SNeshan1_102515

Շաբաթավերջը կը զուգադիպէր Գիւտ Խաչի տօնին, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն է: Առ այդ, այս առիթին նուիրուած տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան` ոչխարներու զենումով, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքը, ապա մատաղի պատրաստութիւնը` որ տեւեց մինչեւ երեկոյ:

Տօնախմբութեան ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ համերգով մը, ղեկավարութեամբ` Գրիգոր Ալլոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի: Յայտագիրը, որ ներկայացուեցաւ Նազարէթ Գէորգեանի կողմէ, կ՛ընդգրկէր Կոմիտասի, Եկմալեանի, Կանաչեանի, Պոպիքեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ, ինչպէս` «Անկանիմ առաջի քո», «Խորհուրդ Խորին», «Հայր մեր», «Մարմին տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ սուրբ», «Միայն սուրբ», «Սուրբ Աստուած», «Տէր ողորմեա», «Զարթիր որդեակ», «Երազ», «Մեր դրանը խնկի ծառ», «Քեզի մեռնեմ», «Լէփօ լէլէ», «Հէլէ հէլէ»: Ելոյթը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: Մեներգներով ելոյթ ունեցան Շողիկ Թորոսեան, Կարօ Քէլէշեան, Համազասպ Մաթոյեան, Գէորգ Քէօշկերեան, Յարութ Գալօղլեան:

SNeshan2_102515

Կիրակի, 25 հոկտեմբերին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի կողմէ, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Գիւտ Խաչի տօնին առիթով կը նշենք 4-րդ դարուն պատահած դէպք մը, որուն յիշատակը անցնող դարերուն եկեղեցին կենդանի պահեց, որովհետեւ անոր մէջ արժէք եւ թելադրականութիւն տեսաւ: Սրբազանը յիշատակեց 327 թուականին Հեղինէ թագուհիին նախաձեռնութիւնը Քրիստոսի խաչափայտը գտնելու եւ գտնելէն ետք զայն արժանաւոր կերպով կանգնեցնելու այն վայրին մէջ, ուր Քրիստոս իր հոգին աւանդեց: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ այս տօնը մեր մտքին մէջ հարցականներ կը ստեղծէ, որպէսզի մենք ալ գիտակցինք, թէ քրիստոնէական ըմբռնողութեան մէջ խաչն ու խաչեցեալը ի՛նչ տեղ ունին եւ ի՛նչ պատգամ կը փոխանցեն բոլոր անոնց, որոնք բոլոր ժամանակներուն իրենք զիրենք կը համարեն որպէս Քրիստոսի հետեւորդ եւ խաչը իրենց կեանքին մէջ կ՛ընտրեն որպէս ապաւէն: «Գիւտ Խաչի տօնին առիթով մեր եկեղեցին կը յուշէ մեզի, թէ քրիստոնեային համար  խաչէն եւ խաչեցեալէն աւելի մեծ եւ աւելի արժէքաւոր իրականութիւններ չկան կեանքի մէջ», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ սոյն տօնը կը յանձնարարէ նաեւ, որ մենք ալ Հեղինէ թագուհիին կեանքին օրինակին ընդմէջէն դիտենք մեր սեփական կեանքին պատկերը եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կը ցանկանք եւ ի՛նչ կը փորձենք յայտնաբերել մեր առօրեային մէջ, նաեւ ի՛նչն է մեզի համար թանկագինն ու արժէքաւորը, եւ  մեր անձնական ճիգով ի՛նչ կը փորձենք հրամցնել մեր ընկերութեան: «Պարտինք անդրադառնալ, որ կեանքի մէջ կան շլացող երեւոյթներ, սակայն քրիստոնեային համար Քրիստոսն ու իր խաչափայտը կը մնան կեանքի մեծութիւն եւ առաջնորդութիւն: Այդ պատուանդանին վրայ միա՛յն կրնայ տոկալ քրիստոնեան», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ եւ թաղականութեան անդամ Սմբատ Ղազելեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան նկատել տուաւ, որ իրենց ներկայութեամբ կը փաստեն, որ հայ ոգին եւ միտքը դեռ կանգուն ու գործունեայ են: Ղազելեան յայտնեց, թէ անհատը եւ հաւաքականութիւն մը միշտ կը ձգտի անմահութեան. անհատը` իր ձգած գործերով, իսկ հաւաքականութիւնը իր ստեղծած մշակոյթով: «Եթէ ընդհանուր գիծերով պատկեր մը կազմենք մեր սփիւռքացած արեւմտահայութեան անցնող վերջին 100 տարուան կեանքին, կը տեսնենք, թէ արեւմտահայ մարդը ինչպիսի տոկունութեամբ եւ ահաւոր դժուարութիւններ յաղթահարելով ո՛չ միայն գոյատեւեց, այլ նաեւ իր ծոցէն ծնան բազում արժանաւոր անձեր, որոնք շարունակեցին կերտել անոր անմահութեան ճամբան», շեշտեց Ղազելեան եւ ներկաները համարեց հայ ժողովուրդի լուռ մարտնչումին, ազնիւ զոհաբերութեան եւ իր արմատներուն հաւատարիմ մնացողներուն լաւագոյն շարունակողները:

Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր կարգին խօսք առնելով` գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը: Ան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ արժէքը քիչ մը աւելի ցայտուն կերպով կը յայտնուի մեր մէջ: «Մեր եկեղեցին մեզ ջերմացնող, խանդավառող, մեր գնացքին նոր թափ տուող միջավայրն է եւ կը մնայ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը` հաստատելով, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցին լիբանանահայութեան թեմի կեանքին մէջ իր եզակի ու կեդրոնական տեղը ունի եւ կը շարունակէ ունենալ անկասկած: Եզրափակելով իր խօսքը` ան մաղթեց, որ Աստուած անսասան պահէ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները եւ բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որպէսզի առանց վհատելու շարունակենք գործել մեր ժողովուրդի ապագային համար միեւնոյն եռանդով եւ հաւատքով:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց փունջ մը երգեր:

 

 

Նախորդը

Ապօրինի Արտագաղթ, Մահուան Միջնորդներ Եւ Մասամբ Նորին

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?