Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

Հոկտեմբեր 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

124_102715

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, շաբաթ, 24 հոկտեմբերին «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու ճանաչում եւ կանխարգիլում» խորագիրով  երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակցեցան հայ եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Համագումարին բացումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կարեւորութեան: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ 100-ամեակի իմաստն ու նպատակը երեք բառերու մէջ խտացուած է` «Յիշել, յիշեցնել ու պահանջել»: Արամ Ա. կաթողիկոս բացատրեց իւրաքանչիւր բառին իմաստը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման ծիրին մէջ: «Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական նկարագիր չունի. ան պատմական իրողութիւն է, հետեւաբար Թուրքիան չի կրնար զայն ուրանալ: Նոր ցեղասպանութիւններուն կանխարգիլումը կ’ենթադրէ անցեալի ցեղասպանութիւններու դատապարտում», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքէն ետք, առաջին նիստին զեկուցումը ներկայացուց վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` «Կրօնքին դերակատարութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մէջ» նիւթով, ներկայացնելով քրիստոնէական մօտեցումը: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ քրիստոնէութիւնը խաղաղութեան վրայ հաստատուած է, խաղաղութիւն մը, որ կ’արտացոլայ ամէնօրեայ կեանքի մէջ` թէ՛ ներքին հոգեմտաւոր աշխարհին եւ թէ՛ արտաքին ամէնօրեայ հեւքին մէջ: Խօսելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին` ան նշեց, որ քրիստոնէութիւնը չի կրնար դիտորդի կեցուածք որդեգրել, որովհետեւ Աստուած հարստահարուածներուն կողքին է, հետեւաբար քրիստոնէութիւնը ուրիշ կեցուածք չի կրնար ունենալ:

Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Մոհամետ Սամմաք, որ անդրադարձաւ նոյն նիւթին, սակայն ներկայացուց իսլամական մօտեցումը: Զեկոյցին սկիզբը ան ընդգծեց, թէ իսլամական կրօնքը չէ, որ մղեց թուրքերը ցեղասպանութիւն գործելու, որովհետեւ կրօնքը չի կրնար ոճրագործութիւն կատարել, կրօնքը դէմ է ոճրագործութեան: Ապա ան պատմական օրինակներ տուաւ` ցոյց տալով իսլամ կրօնքին հանդուրժողական կեցուածքը:

Համագումարը շարունակուեցաւ յաջորդական երեք նիստերով, որոնց ընթացքին «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ պայքար» խորագիրով, հերթաբար զեկուցումներ կատարուեցան հետեւեալ նիւթերով.

 

Դոկտ. Զաւէն Մըսրլեան` «Ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնութիւնը», Գէորգ Յակոբճեան` «Հայկական հարցը եւ միջազգային օրէնքը,

երիտասարդութեան դերը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման մէջ», Աքասիա Փոլատեան` «Մասնագիտութիւններ, քարոզչութիւն (advocacy) եւ իրազեկութեան բարձրացում», Արազ Գոճայեան` «Երիտասարդական երկխօսութեան դերը հակամարտութիւններու լուծման մէջ, երիտասարդութեան դերը Ցեղասպանութեան կանխարգիլման մէջ», Րաֆֆի Չիլինկիրեան` «Կանխարգիլման միջոցներ», Լէյլա Նիքոլաս` «Ծայրայեղականութեան ծագումը եւ շարունակուող ցեղասպանութիւնները»:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան շինիչ քննարկումներ, ինչպէս նաեւ աշխատանոցներ: Չորրորդ նիստի աւարտին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ պատրաստուած «Բոլոր ցեղասպանութիւններուն դէմ» տեսերիզը:

Փակման խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ժալըխը: Ան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքը իր համագործակցութեան համար, ապա շեշտեց ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը` մանաւանդ Միջին Արեւելքին մէջ եւ այդ գծով աշխատանք տանելու կոչ ուղղեց երիտասարդութեան:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ. ՄԻԵԴ-ը Վտանգե՞ց Հրէական Ողջակիզումը Ժխտելը Քրէականացնող Օրէնքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?