
Երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Խօսելով մամուլի դերին մասին` Բրուտեան յայտնեց, որ մամուլը տեղեկութիւն տուող, վերլուծող, հանրային կարծիք ու ուղղութիւն ստեղծող է եւ այդ առումով ալ զէնք է: Անոր լուրջ դերակատարութիւն վերապահուած է, իսկ մամուլ ըսելով պէտք չէ հասկնալ միայն տպագիրը:
Ան նշեց, որ վերջին 20-25 տարիներուն տպագիրին կողքին ստեղծուեցաւ հասանելիութեան տարբեր մարզ մը` ելեկտրոնային մամուլը: Ձայնասփիւռները եւ պատկերասփիւռի կայանները եւս դիմած են այս նոյն ձեւին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ գոյութիւն ունի՞ անկախ մամուլ, թէ՞ այդ մէկը առասպել է` Բրուտեան յայտնեց. «Չեմ կարծեր, թէ առասպել է: Ես կը հաւատամ յանձնառու մամուլին: Դժբախտաբար այսօր բազմաթիւ մամուլներ կորսնցուցած են իրենց դերը եւ կը ծառայեն տէրերու»: Ան աւելցուց, որ համաշխարհային մամլոյ դաշտը մեծաւ մասամբ գրաւուած է տէր ունեցող եւ այդ տիրոջ ցուցմունքները կատարող թերթերով:
Ինչ կը վերաբերի հայկական մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` Բրուտեան ըսաւ, որ հայկական մամուլը այսօր պատերազմողի կացութեան մէջ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կը գտնուի պատերազմական կացութեան մէջ եւ արդարութեան համար պայքար կը մղէ, իր իրաւունքներուն վերատիրացման հարց ունի եւ չի կրնար ըլլալ, որ մեր մամուլը հանրութեան ուշադրութիւնը շեղէ եւ կեդրոնացնէ յիմարաբանութիւններու վրայ: Ան շեշտեց, որ մեր մամուլին առաջին էջերուն վրայ պէտք է տեղ գտնեն այն լուրերը, որոնք հայութեան եւ Հայաստանի համար կարեւոր են, սակայն հայկական լրատուական դաշտը չի գտնուիր այդ բարձունքին վրայ: Բրուտեան աւելցուց, որ թէ՛ լրատուութեան, թէ՛ ալ յօդուածագրութեան մէջ առկայ պէտք է ըլլան նոյն սկզբունքները, որոնք պէտք է հայկական գերագոյն շահերէն բխին:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:


