ՀՅԴ-ն Վճռականօրէն Պիտի Պաշտպանէ Սահմանադրական Բարեփոխումները
28 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ընդլայնուած նիստ, որուն կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Բիւրոյի այլ անդամներ, կուսակցութեան յայտնի դէմքեր: Օրակարգի վրայ կար հիմնական մէկ հարց` սահմանադրական բարեփոխումները, անոնց նկատմամբ ՀՅԴ-ի մօտեցումներն ու կատարելիք աշխատանքները: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ներկայացուց սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ կատարուող քննարկումներուն ընթացքը, մասնաւորապէս անդրադառնալով ՀՅԴ-ի առաջարկներուն` թղթածրարին եւ...




















