Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

Հոկտեմբեր 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sar-2_10-23-15

Երէկ երեսուն տարի առաջ անարգօրէն առեւանգուած եւ նահատակուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ,  գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակի հանդիսութիւնն էր: Բեմէն նահատակ ընկերոջ խօսքն ու շունչը կը պատգամէին հանդիսատեսին. «Թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը, ազգային միութեան եւ համազգային իտէալներու կենսագործման ի խնդիր հաւաքական մեր պայքարը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 30-ամեակին առիթով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան, որուն ընթացքին հնչեց նահատակ ընկերոջ կենդանի ձայնը` Մայիս 28-ի առիթով մը արտասանած իր պատգամէն հատուածով:

Մկրտիչ Մկրտիչեան
Մկրտիչ Մկրտիչեան
Վաչէ Բրուտեան
Վաչէ Բրուտեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ Սարգիս Զէյթլեանի տիպարը երիտասարդութեան համար պէտք է դառնայ խորհրդանիշ, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ կուսակցութեան սրբազան շունչն ու ոգին: Սարգիս Զէյթլեան իր մտաւորական, կրթական, կազմակերպական, գաղափարական եւ յարաբերական գործերով իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է փոփոխութիւն յառաջացնելու, հասարակութիւնը զարգացնելու եւ հաւաքականութեան ապահով միջավայր ստեղծելու, Հայ դատի նուիրական գործին ծառայելու: Րաֆֆի Տեմիրճեան աւարտեց խօսքը ըսելով, թէ Սարգիս Զէյթլեան համատեղ մարմնաւորած է բահը, բրիչը, սուրն ու գրիչը, որոնց հաւաքական ըմբռնողութեան մէջ կը կայանայ Դաշնակցութեան արժէքն ու գործին վարկը:

sar-6_10-23-15sar-7_10-23-15Ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի ու գործունէութեան մասին խօսող տեսերիզ մը: Ապա` «Ով որ քաջ է» երգը մեկնաբանեց Գէորգ Պէպէճեան, իսկ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը` Կարօ Քէլէշեան, ընկերակցութեամբ` Սեդօ Պաղտասարեանի:

Յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Վաչէ Բրուտեան: Ան ըսաւ, թէ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական պայքարներու միջավայրին մէջ Դաշնակցութեան համար կը ստեղծուէին գաղափարական վերանորոգման, հայութեան պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման մարզին մէջ անհրաժեշտութիւններ, որոնք կարելի եղաւ իրականացնել Հրայր Մարուխեանով, Բաբգէն Փափազեանով, Հրաչ Տասնապետեանով ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանով, որ Դաշնակցութեան միտքն ու խօսքը բացատրելու, վերլուծելու, այդ միտքով հայկական հաւաքական կարծիք եւ ազգային հաւաքական կամք ստեղծելու դժուարին ու պատասխանատու ուղին ընտրած էր: Վաչէ Բրուտեան յայտնեց, որ Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացած է կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, որուն համար տեսլականն ու նպատակը յստակ եղած են: Զէյթլեան ղեկավարած է գաղափարով: Հաւատացած է, որ գաղափարական կենարար ուժով պէտք է հայ ժողովուրդին մօտ համազգային մտածողութիւնը եւ ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդել: Վաչէ Բրուտեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Սարգիս Զէյթլեան բծախնդիր մօտեցում ունէր հայ լեզուին նկատմամբ: Ան հանդիսացած է դաշնակցական մամուլի իւրայատուկ ու կեդրոնական դէմքը: Ան կը գուրգուրար, երբ կ՛առաջնորդէր, կը գուրգուրար, երբ կը ղեկավարէր, երբ մղում կու տար ու կը քաջալերէր, կը գուրգուրար, երբ նոյնիսկ կը յանդիմանէր. այս է Սարգիս Զէյթլեան դաշնակցական մտաւորականի մեծագոյն արժանիքը» (Վաչէ Բրուտեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

sar-5_10-23-15

Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական կտոր մը ներկայացուցին Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակով եւ Շանթ Նոխուտեան` դաշնակով:

Յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:  Ան ըսաւ, որ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքը եղած է ազգային կազմաւորման եւ ապա` ազգային նպատակներու իրականացման ի խնդիր ամէնօրեայ նուիրաբերումի 55 տարիներու ժամանակամիջոց մը, որ աւարտած է իր կամքէն անկախ` դաւադիր մարդոց ձեռքով: Ան հաստատեց, որ Սարգիս Զէյթլեան եղած է այն մտաւորականներէն, որոնք հետեւած են պարտականութեան պարտադրած  ուղիին, քան անհատական նախասիրութիւններուն: Ապա ըսաւ, թէ Սարգիս Զէյթլեանի համալիբանանեան գործունէութեան քառամեակը յատկանշուած է կազմակերպական աննախընթաց վերելքով եւ հայութեան իրաւունքներու նոյնքան աննախընթաց ձեռքբերումով: Զէյթլեանի պաշտօնավարութեան շրջանը եղած է բեկումնային այն կէտը, երբ լիբանանահայը իր աղերսողի վիճակէն անցում կատարած է դէպի պահանջողի դիրքեր:

Մկրտիչ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 20-րդ դարու գաղափարական կռիւին մէջ Սարգիս Զէյթլեան կը քարոզէր ըլլալ հոն, ուր գոհացում կը գտնեն հայութեան  իղձերու իրականացման պահանջները: Անոր հրապարակագրական նպատակակէտը Հայ դատը եղած է` իր  քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային բոլոր ստորոգելիներով: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Ի՜նչ փոյթ, եթէ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքի թելը կտրուեցաւ բրտօրէն եւ անակնկալ, երբ իր յիշատակը աշխարհագրական մէկ կէտով չէ պայմանաւորուած, ան ամէնուրեք է»: (Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Յիշատակի հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Վէրքերով լի» երգը:

Յայտնենք, որ այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ զետեղուած էին Սարգիս Զէյթլեանի գործակից ընկերներուն վկայութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնները Լաւ Ճամբայ Են Հայաստանին Համար. Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Հիմնարկի Գլխաւոր Քարտուղար

Յաջորդը

2008-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռէալ Մատրիտ Կոլ Չի Կրնար Նշանակել

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?