Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռուսական Խաչակրութեան Տեղեկատուական Բաժինը

Հոկտեմբեր 26, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Russia_102515

Կը թուի, որ սուրիական պատերազմին ռուսական օդուժի միջամտութիւնը հարցի լուծման փուլային տարբերակի եղանակով կ՛առաջնորդուի: Կը խօսուի սուրիական կառավարական ուժերու յառաջխաղացքին, որոշ շրջաններու ազատագրման, ՏԱՀԵՇ-ի հսկայական կորուստներու մասին, միաժամանակ սակայն գետնի վրայ ուղղակի բեկումնային պահ եւ կայծակնային կտրուկ փոփոխութիւններու իրավիճակ չի պարզուիր: Փուլայինի վարքագիծին կը ներառուին ծովեզերեայ Սուրիան, զայն դարպասող շրջաններն ու ռազմավարական այլ կէտեր վերահսկողութեան տակ առնելու զինուորական քայլերը. մինչ կը բացակայի տակաւին ցամաքային մեծ ընդհարումներու պահերու յառաջացումը:

Տեղեկատուական պատերազմին մէջ ուշագրաւ է ռուսական պաշտօնական շրջանակներէ հնչած «սուրբ պատերազմ» բառակապակցութիւնը: Այս ըսելաձեւը պարզապէս օդուժի միջամտութեան տրուած բնութագրում չէ, այլ յայտնապէս ժամանակաւոր, որոշ նպատակի մը համար օգտագործուած է:

Նախ ՏԱՀԵՇ-ի անունին կրօնական որակումին դիմաց, կրօնական որակումի համապատասխան  բառեզրի որդեգրում է, ինչ որ պատերազմին կու տայ կրօնական գունաւորում: Այսինքն, տարածաշրջանը ծայրայեղ իսլամականացնողներուն դէմ խաչակրութիւն մըն է յայտարարուածը, որ կը միտի փրկել տարածաշրջանի ժողովուրդները (ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլ նաեւ իսլամ զանգուածները) ծայրայեղ իսլամականացման վտանգէն:

Այս ինքնաբնութագրումը կատարելով, Ռուսիան միաժամանակ քանի մը նպատակ կը հետապնդէ:

Նախ, տեղւոյն ժողովուրդներն ու յատկապէս քրիստոնեայ մնացորդացը համոզել, որ ռուս ուղղափառութիւնը կամ քաղաքական ընկալումով արեւմտեան պատժամիջոցներու ենթարկուած Ռուսիան է, որ միայնակ կը ստանձնէ զիրենք փրկելու պարտականութիւնը:

Ապա նոյնինքն Արեւմուտքի հասարակութեան մօտ հանրային կարծիք ստեղծել, որ աշխարհին պատուհաս դարձած իսլամական ահաբեկչութիւնը վնասազերծելու համար Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ կը վերածուի զինուորական գործօնի` կանխելու համար Միջին Արեւելքէն իսլամական ահաբեկչութեան արտահանումը, որ իր հերթին կը նշանակէ դէպի Արեւմուտք տարածումը:

Ռուսիան ուրեմն, յաչս արեւմտեան հասարակութիւններուն, փրկարարի դիմագիծ կը ստանայ` զիրենք եւս մեծ վտանգէ մը փրկելու: Եւ միտում կայ նոյն զանգուածներուն մօտ հարցականներ ստեղծելու, որ պատժամիջոցներ կ՛որդեգրուին աշխարհի թիւ մէկ վտանգին դէմ պատերազմ յայտարարողին նկատմամբ:

Կայ նաեւ բնական կարգով ինքզինք պարտադրող հարցումը: Միջազգային ընտանիքը, Արեւմուտքը, Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով կը խօսին տարածաշրջանի քրիստոնէութեան վտանգուած ըլլալուն եւ շրջանի ապաքրիստոնէացման միտումներուն մասին: Ահազանգողն ու գործնական միջամտութիւն կատարողները տարբեր միաւորներ են, չըսելու համար տարբեր բեւեռներ:

Զուտ կրօնական հարթութեան վրայ ռուս ուղղափառութիւնը առաւել կ՛արձանագրէ կաթողիկէ Վատիկանի յարաբերակցութեամբ, երբ կ՛օրհնէ ու «սուրբ պատերազմ» կ՛անուանէ ու կ՛ընկալէ ռուսական օդուժին հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ այդ ճամբով` շրջանի քրիստոնեաները փրկելու գործը:

Բայց… միաժամանակ Ռուսիան պիտի ուզէր, որ իր գործողութիւնները չորակուին կրօնական դրդապատճառներով թելադրուած: Այս պատճառով կայ այնպիսի լուրջ հանգամանք, որ Ռուսիոյ   բնակչութեան, որոշ հաշուարկներով, մինչեւ 15 տոկոս կազմող իսլամ բնակչութեան գոյութիւնն է: Յայտնի փաստ է, նաեւ, որ քանի մը հազար ռուս իսլամներ ներկայ դրութեամբ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը կռուին իսլամ ծայրայեղականներու շարքերուն մէջ: Չմոռնանք նաեւ, որ հարաւային Ռուսիոյ մէջ դեռ կը ծխայ չեչեններուն վառած հրդեհը: Կարելի է յիշել, որ Խրիմը Ռուսիոյ վերակցելու ատեն եւս ռուսական իշխանութիւնը շատ զգուշ գտնուեցաւ ազգայնական-կրօնական առանձնայատկութիւնը տարիներէ ի վեր ընդգծել ձգտող Խրիմի թաթարներու հարցին մէջ: Միւս կողմէ, դատելով այս գործընթացներու ընդմէջէն Միջին Արեւելքի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութենէն օգտուելու Ռուսիոյ ձգտումը, ան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իր գործողութիւնները քրիստոնեայ-իսլամ հակադրութեան պրիսմակի ճամբով չդիտուին: Վերջերս ռուսական պաշտօնական շրջանակներէ յայտարարութիւն հնչեց այն մասին թէ, Ռուսիան պիտի չխառնուի շիի-սիւննի փոխյարաբերութիւններու խնդիրներուն: Արժէ յիշել նաեւ, որ  ռազմաքաղաքական այս նախաձեռնութեան մէջ Ռուսիան հանդէս կու գայ իր  հեռանկարային դաշնակից Իրանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած: Իսկ Իրանի տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Հըզպալլան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ չի մասնակցիր Միացեալ Նահանգներ – ՏԱՀԵՇ ներկայացման:

Այս հանգամանքները կ՛ընդգծեն, որ «սուրբ պատերազմ»-ի տոքթրինը կարճաժամկէտ մարտավարական բնոյթ ունի: Խնդիրը դարձեալ կրօնական շղարշով կրնայ արծարծուիլ նաեւ իսլամ զանգուածները ծայրայեղական ահաբեկիչներէ փրկելու մօտեցումով եւ մանաւանդ շիի-սիւննի առաջադրուած պատերազմը կանխարգիլելու զինուորական քայլերով: Այս բոլորը քարոզչական եւ տեղեկատուական հարթութեան վրայ պէտք է դիտարկել. խնդիրը սուր կերպով Ռուսիա – Իրան – Սուրիա առանցքի պահպանումն է, ռուսական ազդեցութեան գօտիի գոյութենական կռիւը:

«Ա.»

Նախորդը

Քոչարեանը Կը Սխալի Եւ Ինքզինք Կը Հակասէ

Յաջորդը

Կերի Գասպարով 2 Տարիով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?