Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Մշակութային Երեկոյ

October 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

usek-1_102815

27 հոկտեմբերին Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու հարցերը ուսումնասիրող գիտահետազօտական կեդրոնը, գործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինին հետ, կազմակերպեց Հայաստանի նուիրուած գիտաժողով եւ մշակութային երեկոյ:

Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի անդամները, մտաւորականներ, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ժան Աքիքի: Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին պատմութեան, հարուստ մշակոյթին, անկախութեան տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Դեսպան Քոչարեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Դեսպանը ընդգծեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը Հայաստան – Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:

usek-4_102815

Գիտաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Քասլիքի «Ս. հոգի», Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսայի «Մոնփելիէ 3» համալսարաններու դասախօսներ:

Մշակութային ձեռնարկի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քասլիքի «Ս. Հոգի»  համալսարանի տնօրէնութեան` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նման գիտաժողով եւ ձեռնարկ կազմակերպելու համար: Ապա Ռաֆայէլ Ումուտեան յայտարարեց, որ լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչի քանդակը կը նուիրէ Քասլիքի համալսարանին:

Գիտաժողովին դասախօսութիւն ներկայացուցին Ինալքոյի տնօրէն Անահիտ Տօնապետեան եւ Ֆրանսայէն հրաւիրուած Մոնփըլիէի համալսարանի դասախօս պատմաբան Ժերար Տէտէեան:

usek-3_102815

Նշենք, թէ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պարարուեստի եւ երաժշտական դպրոցներէն աշակերտներ:

 

 

Նախորդը

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Յաջորդը

Ակնարկ. Այլընտրանքի Մը Չգոյութեան Բարի Պտուղը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.