Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1915-ին Նահատակուած Քաղդէացիներուն Նուիրուած Արարողութեան. «Եկեղեցւոյ Մը Նահատակները Նաեւ Նահատակներն Են Բոլոր Եկեղեցիներուն» Հաստատեց Արամ Ա.

Հոկտեմբեր 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

123_102615

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր, նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան քաղդէական եւ ասորական մշակոյթներու հետեւող եկեղեցիներու զաւակները, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի:

Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր Քաղդէացիներու Պէյրութի առաջնորդ Միշէլ Քասարժիի կողմէ, ներկայ գտնուելու 1915-ին նահատակուած քաղդէացիներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Ռաֆայէլ Հրեշտակի եկեղեցւոյ մէջ Պաապտա, Լիբանան: Եկեղեցւոյ մուտքին Արամ Ա. կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Քասարժի եպիսկոպոսին, եկեղեցական դասուն եւ ժողովուրդին կողմէ:

Արարողութեան ընթացքին Քասարժի եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ խօսք առնող բոլոր եկեղեցականները յիշեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անդրադարձան հայ ժողովուրդին յառաջատար դերակատարութեան` Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը լուսարձակի տակ բերելուն եւ արդարութեան պահանջին առումով:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը արաբերէն լեզուով ընթերցեց կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ նախ ողջունեց եւ կարեւորութեամբ ընդգծեց աղօթակից դառնալու եւ միասնաբար մեր նահատակները յիշելու անհրաժեշտութիւնը, ապա` անդրադառնալով նահատակի քրիստոնէական հասկացողութեան, ըսաւ. «Նահատակը այն անձն է, որ իր արիւնը կը թափէ իր հաւատքին եւ իր քրիստոնէական արժէքներուն ու սկզբունքներուն համար` հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի ուսուցումներուն: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ մը նահատակները նաեւ նահատակներն են բոլոր եկեղեցիներուն: Նահատակները իրենց թափած արեամբ կը միացնեն մեզ` քրիստոնեաներս»: Վեհափառը յիշեց, որ` «եղբայրական հին կապեր գոյութիւն ունին հայ եկեղեցւոյ եւ քաղդէական եկեղեցւոյ միջեւ: Իրաքի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ ու Լիբանանի մէջ մեր եկեղեցիներու զաւակները միասին ապրած են, միասին աղօթած են, միասին գործակցած են ու նաեւ միասին նահատակուած են` ամուր պահելով իրենց քրիստոնէական հաւատքը: Մենք երբեք չենք մոռցած մեր Ցեղասպանութիւնն ու նահատակները եւ երբեք պիտի չմոռնանք: Անոնք մեռան, որպէսզի մենք ապրինք, անոնք իրենց արիւնը թափեցին քրիստոնէական հաւատքին համար, որպէսզի մենք մեր հաւատքը աւելի զօրացնենք»:

Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Իրաքի եւ Սուրիոյ այսօրուան իրավիճակին եւ այդ շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներու կրած նեղութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներուն բնօրրանն է, հետեւաբար, հակառակ բոլոր դժուարութեանց, քրիստոնեաները կառչած պիտի մնան իրենց արմատներուն ու պապերու հաւատքին: Այս առումով Արամ Ա. ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը` փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի սկզբունքներու վրայ հիմնուած:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը կատարեց քաղդէացի նահատակներուն նուիրուած յատուկ սրբապատկերին օծումը:

 

 

Նախորդը

Հալէպը Արտաքին Աշխարհին Կապող Միակ Ճանապարհը` Խանասէրը Կը Մնայ Փակ

Յաջորդը

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?