ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ դիտարկում կատարած են Մարտակերտ-Թարթառ հատուածին մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ: Դիտարկման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը անցած են ազրպէյճանական տարածք` Լեռնային Ղարաբաղի կողմէն: Դիտարկման աւարտին սակայն ազրպէյճանական կողմէն կրակոցներ արձանագրուած են:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք դիտարկման անդրադառնալով` Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի դիտարկման ընթացքին կրակոցները անթոյլատրելի են: «Շփման գիծը անցնելու պահուն շարունակուող կրակոցները ԵԱՀԿ-ի դիտորդները ստիպեցին պատսպարուիլ. ասիկա անընդունելի է», գրած է Ուորլիք:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 27 հոկտեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը այն մասին, որ իբր թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ կատարուած դիտարկման ընթացքին հայկական կողմը խախտած է զինադադարի դրութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանելով այս ապատեղեկատուութեան` յայտնած է, որ ասիկա հակառակորդին կողմէ որդեգրուած հերթական քարոզչական հնարքն է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ իրականացուած դիտարկման ընթացքին պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները հաւատարիմ մնացած են ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ խստօրէն պահպանած են զինադադարի դրութիւնը: Ընդհակառակը` դիտարկման աւարտին ազրպէյճանական կողմը, իրեն բնորոշ գործելաոճով, կրակոցներ արձակած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Իկոր Փոփով` Բակօ Սահակեան-Մինսքի Խմբակի
Համանախագահներ Հանդիպումին Մասին
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով երէկ Ստեփանակերտի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է, որ նախագահի հետ քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:
«Խօսած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումին մասին, զոր մենք կը պատրաստուինք կազմակերպել: Խօսած ենք նաեւ մարդասիրական հարցերու, այդ ծիրին մէջ հայ եւ ազրպէյճանցի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումներ կազմակերպելու կարելիութեան մասին: Այնուամենայնիւ, քննարկման գլխաւոր հարցը եղած է շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Մեզի համար անընդունելի է այն, որ իրավիճակը կը սրի սահմանին վրայ եւ ծանր զէնքեր կ՛օգտագործուին: Մենք պիտի հանդիպինք եւ այդ հարցին շուրջ քննարկումներ պիտի ունենանք նաեւ բանակի ներկայացուցիչներու հետ», ըսած է Իկոր Փոփով: