Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնները Լաւ Ճամբայ Են Հայաստանին Համար. Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Հիմնարկի Գլխաւոր Քարտուղար

October 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

iravounk_10-23-15

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար Եոզեֆ Զիքելէն, որ Հայաստան հասած է «Մարդու իրաւունքները Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ» նիւթով խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու  վարչութենէն կը յայտնեն, թէ նախագահը ողջունած է հիւրը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի մէջ կարեւոր կը նկատեն ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, իրաւունքի գերակայութեան մարզերուն մէջ շարունակական բարեփոխումները: Այդ մարզերուն մէջ, ըստ նախագահին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է յստակ յառաջընթաց, ինչ որ նաեւ Հայաստանի միջազգային գործընկերներու եւ նախ եւ առաջ` Եւրոպական գործընկերներուն աջակցութեան եւ անոնց հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ է:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովը, որ իր համոզումով, լայն կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ անկաշկանդ մթնոլորտի մը մէջ ազատ քննարկումներ ծաւալելու եւ մասնագիտական կարծիքներ փոխանակելու:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան բարեփոխումներու հոլովոյթին: Եոզեֆ Զիքելէ ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերեալ, նշած է, որ ատիկա բարեփոխման ուղղուած շատ լաւ քայլ է դէպի յառաջ եւ լաւ ճամբայ` Հայաստանի համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան հաստատակամ եւ հետեւողական է բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ` այդ մէկը երկրի զարգացման միակ եւ ճիշդ ճամբան նկատելով: Նախագահը նաեւ նշած է, որ այդ գաղափարը դրուած է նաեւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին հիմքին մէջ:

Եւրոպական մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնարկի ընդհանուր քարտուղարը կարեւոր նկատած է մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան մարզին մէջ իր գլխաւորած կառոյցին արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ` գոհունակութեամբ խօսելով այդ մարզին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող աշխատանքներուն մասին:

Նախորդը

Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովին Խօսեցաւ Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններուն Մասին

Յաջորդը

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.