Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու պետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն համար, ներկայութեամբ աւելի քան 200 ծերունիներու:
Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յայտնեց, որ աշխարհը հիմնուած է սիրոյ վրայ եւ առանց սիրոյ կեանքը դժոխք է, սակայն սէրը առանց ծառայութեան անիմաստ է: Ան անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակելու քայլին, նշեց, թէ վեհափառ հայրապետը իր կոնդակին մէջ անհրաժեշտութիւն նկատած է առաւել նուիրումով գործօն մասնակցութիւն բերել հայ ազգին ծառայելու վսեմ գործին` գիտակցելով, որ Աստուած պիտի օրհնէ մեր ծառայութիւնը, իսկ պատմութիւնը միշտ յարգանքով պիտի յիշէ մեր տուածը եւ մեր բարի գործերը: Շարունակելով իր խօսքը` Սեւան Կարապետեան-Ադամեան ներկայ մամիկներուն եւ պապիկներուն մաղթեց, որ նման տօնական օրեր իրենց սիրտերը լեցնեն լաւագոյն յիշողութիւններով ու յոյսերով եւ Նոր տարին իրենց բերէ ուրախութիւն եւ առողջութիւն:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի «Սիփան» պարախումբը (պարուսոյց` Զարմիկ Սուսանի) եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, իսկ մթնոլորտը առաւել եւս խանդավառեց սիրուած երգիչ Արարատ Ահարոնեան:
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան հիացմունքով արտայայտուեցաւ ընկերային ծառայողներու զոհաբերումին, բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ հաստատեց, որ հայութեան ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այս է, եւ երեք յարանուանութիւնները միասնաբար երբեք չեն լքած տկարն ու աղքատը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, ապա Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետի ներկայացուցիչ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք ներկաները համտեսեցին հրամցուած ուտելիքները, որմէ ետք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` մաղթելով, որ 2016 տարին ուրախութիւն պարգեւէ բոլորին եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ բոլորին կեանքէն: «Աստուծոյ օրհնութեամբ հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք 100 տարիէ ի վեր կանգուն մնաց սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ երեք համայնքները միասնաբար կիսեն կեանքի դժուարութիւնները. ունինք մէկ պատմութիւն, մէկ ճակատագիր եւ մէկ հայրենիք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ ողջունելով առիթը բարձրօրէն գնահատեց մեր կառոյցներուն տարած աշխատանքը աւագ սերունդի կեանքին բարելաւման առումով:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները ստացան նուէրներ, տրամադրուած` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ: