Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 յունուարին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի գործերով պատասխանատու, Եւրոպայի հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի գլխաւոր խորհրդատու Չարլզ Քուփչանը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ նախագահը մեծապէս գնահատած է երկկողմանի բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ անոր, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան տարբեր մարզերու միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Քուփչանի այցելութիւնը եւս իր նպաստը բերէ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:
Հայաստանի նախագահը գոհունակութեամբ դիտել տուած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները մնայուն կերպով զարգացած են: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն` Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուող օժանդակութեան համար, որուն շնորհիւ տարբեր օգտաշատ աշխատանքներ կարելի եղած է իրականացնել: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման, բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման առումով Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան շարունակական ջանքերը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ապահովութեան մարզին մէջ համագործակցութեան, Հայաստան-ՕԹԱՆ փոխադարձ գործակցութեան, խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, շրջանին մէջ առկայ իրավիճակին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցերու:
Չարլզ Քուփչան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի յանձնառութիւնն ու մասնակցութիւնը աշխարհին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստան այդ առումով պատրաստակամ է նպաստելու ՕԹԱՆ-ի միջազգային եւ բազմակողմանի ձեւաչափով այլ կազմակերպութիւններու ջանքերուն: