Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 14 յունուարին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի գործերով պատասխանատու, Եւրոպայի հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահի գլխաւոր խորհրդատու Չարլզ Քուփչանը:
Նախարար Նալբանդեան յայտնած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման:
Չարլզ Քուփչան իր կարգին ուրախութիւն յայտնած է այս այցելութեան համար, որ պիտի ծառայէ քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ամուր ու բազմակողմանի կապերու առաւել ամրապնդման ուղիները:
Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան օրակարգի բազմաթիւ հարցերու, միտքեր փոխանակած են միջազգային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Չարլզ Քուփչան անդրադարձած են ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման շուրջ ընթացող բանակցային հոլովոյթին: