Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Զինուած Ուժերը 2016-ին Հաւատարիմ Պիտի Մնան Մնայուն Յառաջընթացի Սկզբունքներուն

January 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_011316

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 13 յունուարին մասնակցած է 2015 թուականի ուսումնական տարուան ընթացքին հինգերորդ բանակային զօրամիաւորման աշխատանքներու արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած զինուորական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հաշուետու զեկուցումներով հանդէս եկած են զօրամիաւորման հրամանատարի տեղակալները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստուածութեան, մարտական հերթապահութեան, մարտական պատրաստութեան եւ զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման հարցերու կատարելագործման միտող աշխատանքներուն արդիւնքներուն: Լուսարձակի տակ առնուած է այն, որ առաւել եւս բարձրացած է զօրքերու մարտական պատրաստութեան եւ առաջադրուած մարտական խնդիրներուն անմիջական կերպով արձագանգելու աստիճանը, լուրջ ուշադրութիւն դարձուած է յատկապէս սահմանագիծին վրայ տարուող աշխատանքներու կատարելագործման: Զեկուցողները անդրադարձած են նաեւ զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներուն մէջ մարտական հերթապահութեան նախապատրաստման եւ կրման կազմակերպման, անոր վերահսկման հոլովոյթին, ծրագրուած եւ գործադրուած երկրաչափական աշխատանքներու որակին:

Ամփոփելով զինուորական խորհուրդի նիստը` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բարձր գնահատած է նախորդ ուսումնական տարուան ընթացքին տարուած գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնն ու արձանագրուած որակական յառաջընթացը, միաժամանակ անդրադարձած է գոյութիւն ունեցող կարգ մը  բացթողումներուն եւ զանոնք վերացնելու հիմնական քայլերուն ու աշխատանքային ուղղութիւններուն: Ան հաստատած է, որ` «2016-ի ուսումնական տարուան ընթացքին զինուած ուժերը հաւատարիմ պիտի մնան  մնայուն  զարգացման եւ շարունակական յառաջընթացի սկզբունքներուն` տարուան ընթացքին ղեկավարուելով «Պատրաստուած հրամանատար, արհեստավարժ բանակ, ապահով հայրենիք» կարգախօսով»:

Նիստի աւարտին ուսումնական տարուան ընթացքին լաւագոյն արդիւնքներ ցուցաբերած զինուորական ստորաբաժանումներուն յանձնուած են պատուոյ դրօշներ: Լաւագոյն աշխատանքը տարած բարեխիղճ զինուորները արժանացած են մետալներու, պատուոյ գիրերու եւ արժէքաւոր նուէրներու:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պատրիարքին Յայտարարութեան Առնչուող Հարցականները Կը Շարունակուին. Մանոյեան. «Պարզաբանումը Կը Գոհացնէ Այնքանով, Որ Հարցականի Տակ Չի Դրուիր Ցեղասպանութիւնը»

Յաջորդը

Ըստ Նախագահին. Հայաստան Լայնածաւալ Բարեփոխումներու Նոր Հանգրուան Կը Թեւակոխէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.