
Սիմոն Վրացեանի «Մեր ազգի խիղճը Դաշնակցութիւնն է» խօսքին ներշնչումով, ուր խտացուած է հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու ՀՅԴ-ի անկոտրում հաւատքը, յունահայութիւնը նոր սերունդի աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ժողովրդային խուռներամ ներկայութեամբ պանծացուց ՀՅԴ 125-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոն` զայն վերածելով հայրենասիրական ոգիի արտայայտման իւրօրինակ տօնի:
«125 տարի` յանուն ժողովուրդի, յանուն հայրենիքի» նշանաբանով շաբաթ, 9 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի մարզադաշտին մէջ, հոծ բազմութեան եւ մեծ թիւով երիտասարդներու ներկայութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը:
Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ: Ձեռնարկը սկսաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Թ. Ծ. վրդ. Պեզէզեան, հայ աւետարանական համայնքի վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Յունահայոց թեմի հոգեւոր դասը, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դեսպանորդ Արշակ Աբրահամեան եւ զինուորական կցորդ Ալեքսէյ Աբրահամեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ ու երիտասարդութիւն, որոնք մարզադաշտը ծայրէ ծայր լեցուցած էին: Հանդիսութեան նախագահեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Յովակիմեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերներուն: Իր բացման խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեայ ուղիին գլխաւոր հանգրուաններուն եւ իրագործումներուն, ազգային-քաղաքական հիմնական առաջադրանքներուն, պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս եւ կուսակցութեան հիմնադիրներու աւանդ ձգած գաղափարական մեծ ժառանգութեան, որոնց հիմքին վրայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր 125-ամեայ երթը:
Յաջորդաբար ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ Ռազմիկ Էրջենեան: Անոնք անդրադարձան Դաշնակցութեան դերակատարութեան ինչպէս սփիւռքի տարածքին` հայապահպանման ու Հայ դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ, նոյնպէս եւ հայրենիքի մէջ` պետութեան կայացման ու ժողովուրդի առողջ ապագայի զարգացման ի խնդիր ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութեան առումով, որ նպատակասլաց ներշնչումով կը շարունակուի:
Տօնակատարութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեանի, յաջողապէս մեկնաբանելով երեք երգեր:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Ան ամփոփ ակնարկ մը նետեց պատմութեան ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան իրագործած ծրագիրներուն, աշխատանքներուն ու վարած քաղաքականութեան վրայ եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կուսակցութեան առաջնորդող սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, յատկապէս ՀՅԴ-ի մշտանորոգ յանդգնութեան` հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու նպատակով իրագործուած նոր ծրագիրներու առումով: Բանախօսը արժեւորման ակնարկ մը նետեց կուսակցութեան պատմական ակունքներէն եկող տարբեր հանգրուաններուն վրայ` շեշտելով, որ մեր դիմադրութեան յենակէտերն են անկախ, ժողովրդավար եւ ազգային պետականութեան տէր Հայաստանը, Հայ դատը` իբրեւ հիմք ազգի ինքնութեան եւ հայրենիքի հզօրացման, նոյնպէս արտերկրի հայութեան եւ սփիւռքի գաղութներու պահպանումն ու հզօրացումը` իբրեւ կռուան համազգային ռազմավարութեան:
Տօնակատարութեան առաջին բաժինի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Նանօր» պատանիներու պարախումբը` ղեկավարութեամբ Էտկար Էղեանի:

ՀՅԴ 125-ամեայ յոբելեանը շնորհաւորեց յունահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ ողջունեց կազմակերպութեան փառահեղ գործունէութիւնը եւ 125-ամեայ երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերուած հսկայական նուաճումները:
Յաջորդեց խնճոյքի բաժինը, որուն ընթացքին երգիչ Սարօ Տեմիրճեան ելոյթ ունեցաւ` խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասցնելով ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ: Սիրուած երգիչին ընկերացաւ քառանդամ նուագախումբ մը:
Խնճոյքի ընթացքին վիճակահանութիւն կատարուեցաւ եւ երեք բախտաւորներ ստացան օրուան պատշաճ յիշատակի նուէրներ:
Ժողովուրդի մասնակցութիւնը լիաբուռն ու խրախուսիչ եղաւ ձեռնարկին հետեւած նուիրահաւաքին: Սեղաններուն վրայ զետեղուած նուիրատուութեանց պահարանները լեցուած վերադարձուեցան կազմակերպիչ մարմինին` ցոյց տալով, թէ մեր հայրենակիցները վճռական են ու յօժարակամ եւ կը գիտակցին, թէ մեր բոլորին պարտքն է սատար կանգնիլ ՀՅԴ-ի բոլոր ծրագիրներուն իրագործման:
Աւարտին,` ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն` շեշտելով, թէ չափազանց պահանջատէր եւ արագօրէն փոփոխուող պայմաններու տակ մեծ ճիգ կը պահանջուի պահպանելու համար ընթացքի մէջ եղող բոլոր ծրագիրները: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութեամբ: