Գլխաւոր լուրեր

«Նոր Սահմանադրութեամբ` Նոյն Պայմաններով  Պիտի Ապրի Ե՛ւ Ընդդիմութիւնը, Ե՛ւ Իշխանութիւնը»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Նոր Սահմանադրութեամբ` Նոյն Պայմաններով Պիտի Ապրի Ե՛ւ Ընդդիմութիւնը, Ե՛ւ Իշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ-ն աւելի վճռական եւ համոզումով կը պաշտպանէ սահմանադրական բարեփոխումները, եւ ատիկա բնական է, այսօր «Մետիա կեդրոն»-ին մէջ հրաւիրուած քննարկումի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ միասնական գրասենեակի ղեկավար, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: «ՀՅԴ-ի համար այս փոփոխութիւնները ծրագրային հիմք ունին. մենք քսան եւ աւելի տարիներ շարունակաբար կը պնդէինք, որ Հայաստանի կառավարման լաւագոյն ձեւը խորհրդարանականն է, ո՛չ նախագահականը, ո՛չ ալ...

Սէյրանեան. «Մենք Կ՛ըսենք` Մէկ Գլուխի  Փոխարէն Թող Հինգ Գլուխ Որոշում Տայ»

Սէյրանեան. «Մենք Կ՛ըսենք` Մէկ Գլուխի Փոխարէն Թող Հինգ Գլուխ Որոշում Տայ»

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ Արարատի մարզի Բերքանուշ համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան ըսաւ, որ այժմու սահմանադրութեան ու բարեփոխուած տարբերակին միջեւ եթէ նոյնիսկ մէկ յօդուածի դրական փոփոխութիւն ըլլայ, ուրեմն այդ դրականը չընդունիլը միամտութիւն է եւ յիմարութիւն: «Վատի ու լաւի միջեւ ընտրութիւն կատարելը աշխարհի ամէնէն դիւրին բանն է, անոր համար շատ խելք պէտք չէ: Խելք...

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց  Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները  Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց երկխօսութեան Ժ. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրին բոլոր ղեկավարները, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլէն, որ անցեալ նիստին արդէն իսկ որոշած էր իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել: Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Զաւէն Խտըշեանի «60 Տարուան Ստեղծագործութիւն»  Պատկերագիրքին Մակագրութիւնն Ու Քանդակներու Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Զաւէն Խտըշեանի «60 Տարուան Ստեղծագործութիւն» Պատկերագիրքին Մակագրութիւնն Ու Քանդակներու Ցուցահանդէսը

Երէկ` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն: Ձեռնարկին բացման...

Ակնարկ.  Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը

Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը

Փարիզը ցնցած ահաբեկչական ալիքը Ֆրանսայի սահմաններէն շատ արագ դուրս եկաւ եւ համակեց ամբողջ աշխարհը: Այն թերահաւատութիւնը, որ իսլամական ծայրայեղականութեան տարազին տակ կիրարկուող արշաւանքները կը մնան սահմանափակուած միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ եւ նոր խալիֆայապետութիւն հաստատելու կոչուած ահաբեկիչները չեն վերածուիր վերահսկողութենէն դուրս եկող գործիքներու, հիմնովին շրջուած է ներկայ պահու դրութեամբ: Նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման մասին են վերլուծումներու ընդհանուր ընդգծումները: Եւ այս առումով հետեւեալ...

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն  Մարզային Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մարզային Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

Սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերող քարոզարշաւի ծիրին մէջ կը շարունակուին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն մարզային հանդիպումները: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան 16 նոյեմբերին Արմաւիր քաղաքի բնակիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է այժմու եւ առաջարկուող սահմանադրութեան հիմնական տարբերութիւնները: «Մեր խնդիրն է վերափոխել, բարեփոխել սահմանադրութիւնը, որպէսզի անիկա համապատասխանէ մեր ժողովուրդի պահանջներուն: Տակաւին 1991-ին, երբ նախագահական ընտրութիւններ տեղի ունեցան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին առջեւ հանդէս եկաւ հիմնական սկզբունքային...

Օհանեան. «Ամէն Թիզ Հողի Համար  Պիտի Կռուինք  Այնպէս, Ինչպէս Կռուեցանք Արցախեան Ազատամարտի Տարիներուն»

Օհանեան. «Ամէն Թիզ Հողի Համար Պիտի Կռուինք Այնպէս, Ինչպէս Կռուեցանք Արցախեան Ազատամարտի Տարիներուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան սահմանին վրայ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինուոր Միքայէլ Թորոսեանի հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին յայտնած է, որ վերջին շրջանին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած է, մեծ տրամաչափի զէնքերէ կրակոցները` նուազած, իրավիճակը վերահսկելի է: «Թէեւ այս դէպքը վերջին երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ, երկու զոհ ունեցանք, սակայն կարելի է ըսել` իրավիճակը վերահսկելի է: Հայկական զինուորական ուժերը ե՛ւ...

Վարդանեան. «Կառավարութիւնը Պարտաւոր Է  Արմատական Լուծումներու Երթալու»

Վարդանեան. «Կառավարութիւնը Պարտաւոր Է Արմատական Լուծումներու Երթալու»

Ազգային ժողովի 2016-ի պետական պիւտճէի քննարկման նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ պետական  պիւտճէի գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը ընթացիկ ծախսերու եւ հիմնական ծախսերու յարաբերակցութիւնն է, եւ այդ առումով` ցուցանիշներուն պատկերը տարուէ-տարի կը վատթարանայ: «2016-ի համար ունինք 90,6 առ հարիւր ընթացիկ ծախսեր եւ միայն 9,4 առ հարիւր հիմնական ծախսեր: 2008-ին այդ առ...

«Արուեստագէտը Անմահութեան Կը Հաւատայ»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաւէն Խտըշեան

«Արուեստագէտը Անմահութեան Կը Հաւատայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաւէն Խտըշեան

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէտ Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն: Այս առիթով Զաւէն Խտըշեանի հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագէտը իր ուրախութիւնն...

Ակնարկ.   Տեղեկատուական Շահարկումներու Փորձեր

Ակնարկ. Տեղեկատուական Շահարկումներու Փորձեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին տուած մամլոյ ասուլիսը առաջինն էր, որ տեղի կ՛ունենար Մոսկուայի մէջ: Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ Բակօ Սահակեանի յայտարարածներուն մէջ կ՛առանձնանայ այն սկզբունքին վերընդգծումը, որուն համաձայն, որեւէ համաձայնութեան յանգում պայմանաւորուած է Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութեամբ բանակցային գործընթացին: Այս մէկը նաեւ անուղղակիօրէն կը պատասխանէր վերջերս ալիքաւորում ստացած այն լրատուութիւններուն, կանխատեսումներուն եւ վերլուծումներուն, որոնք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան մէջ կ՛ուզէին տեսնել...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական  Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հոլլանտին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն առիթով: Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ, խորապէս ցնցուած եմ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած` աննախադէպ ահաբեկչութիւններուն լուրով: Խստագոյնս կը դատապարտեմ այդ զարհուրելի գործողութիւնները, որոնք բազմաթիւ  անմեղ կեանքեր խլեցին: «Վերջին տարիներուն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ այսօրինակ անմարդկային բնոյթի բռնութիւններու...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ օր   ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն առիթով: Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է.  «Յարգելի՛ պրն. Նախագահ, խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն: Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով` ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդն ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն, թէ ի՛նչ կը...

Վաղը Սահմանադրութիւնը Բոլորինը  Պիտի Ըլլայ. Սկիզբ Առին  ՀՅԴ-ի Մարզային Հանդիպումները

Վաղը Սահմանադրութիւնը Բոլորինը Պիտի Ըլլայ. Սկիզբ Առին ՀՅԴ-ի Մարզային Հանդիպումները

Շաբաթ, 14 նոյեմբերին ՀՅԴ անդամները սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ գտնուեցան Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքին մէջ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Պետրոս Մեղրեան հանդիպեցան չարենցաւանցիներուն հետ: Աղուան Վարդանեանը, խօսելով ՀՅԴ-ի` առանձին իրականացուող քարոզչութեան մասին, նշեց, որ մարզային հանդիպումներու ծիրին մէջ Չարենցաւանի մէջ հանդիպումը առաջինն է:...

Մեր Ընթերցողներուն

«Ազդակ»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքներուն մասին պարբերաբար տեղեակ պահած էինք մեր ընթերցողները: Կ՛ուզենք յայտնել, որ 88-ամեայ հաւաքածոներու նկարահանման եւ յատուկ ծրագրաւորման աշխատանքներու բաժինները իրենց լրումին հասած են: Թուայնացման աշխատանքը թեւակոխած է արդէն երրորդ փուլը` որոնողական համակարգի համապատասխանեցումը: Մեր հաւաքածոներէն կը պակսին տակաւին 1931-ի եւ 1944-ի ամբողջական , ինչպէս նաեւ 1941-ի առաջին 6 ամիսներու թիւերը: «Ազդակ»-ի 88-ամեայ հաւաքածոյի թուայնացուած տարբերակին ամբողջութիւնը հրապարակելու...

Խմբագրական. Դատապարտանքներու Քաղաքական Գործնականացման Հրամայականը

Լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ երկար ատենէ ի սպառ բացակայած համաձայնական մթնոլորտի նախնական վերականգնման առաջին երեւոյթները հազիւ թէ տեսանելի կը դառնային, Պէյրութի հարաւային արուարձանները ցնցած պայթումները ետքայլի հսկայական ոստում արձանագրեցին լիբանանեան եւ ընդհանրապէս շրջանային բեմին վրայ: Քաղաքական թնճուկներու հանգուցալուծման առաջին փորձերու արդիւնաւորումը կը սկսէր մտածել տալ հետագայ դրական ընթացքներու մասին եւ խորհրդարանի դերակատարութեան կամ նախագահի բացակայութեան օրէնսդիր հաստատութեան գործառոյթներու աշխուժ աշխատելու...

Պըրժ Պարաժնէ Աւլեց Քանդումի Փոշին,  Իսկ Ցաւն Ու Մորմոքը Վերածեց Կամքը Զօրացնող Ներուժի`  Յաւելեալ Կառչածութիւն Ցուցաբերելով  Դիմադրութեան Նկատմամբ

Պըրժ Պարաժնէ Աւլեց Քանդումի Փոշին, Իսկ Ցաւն Ու Մորմոքը Վերածեց Կամքը Զօրացնող Ներուժի` Յաւելեալ Կառչածութիւն Ցուցաբերելով Դիմադրութեան Նկատմամբ

Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ, Պըրժ Պարաժնէի բնակիչները երէկ առաւօտեան արթնցան վկայելով Այն Սըքքէի աւերուած փողոցն ու վաճառատուները եւ իսկոյն անցան մաքրութեան աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ քրէական ոստիկանութիւնը աւարտած էր իր աշխատանքը: Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետարանը իր ջանքերը ի գործ դրաւ եւ մինչեւ երեկոյ բնակիչներուն հետ միասնաբար գործելով քարուքանդ վիճակէն դուրս բերաւ շրջանը: Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Զուհէյր Ժալլուլ շեշտեց, որ պայթումին պատճառով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ դատապարտագիրը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժնէի շրջանը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Մենք կը նկատենք, որ ահաբեկչական այս գործողութեան թիրախը բոլոր լիբանանցիներն են եւ ոչ թէ այս կամ այն շրջանը: Իսկ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն ունի, ո՛չ ալ յարանուանութիւն, եւ...

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան  Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է  Վարչապետ Թամմամ Սալամին

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Վարչապետ Թամմամ Սալամին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին` 12 նոյեմբերին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութեան առիթով, որ 46 անմեղ զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ խլած է: «Խստօրէն կը դատապարտենք այդ անմարդկային ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն նպատակը ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան խաթարումն է: «Զօրակցութեան եւ սփոփանքի խօսք կը...

Ահաբեկչական Ծանր Հարուածներու Շարք`  Ֆրանսայի Սրտին Մէջ. Շուրջ 160 Զոհ

Ահաբեկչական Ծանր Հարուածներու Շարք` Ֆրանսայի Սրտին Մէջ. Շուրջ 160 Զոհ

              ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը հարուածած է Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի զանազան շրջաններ: Փարիզի ոստիկանութիւնը հաղորդած է, թէ նախնական տուեալներով` մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանի «Ֆրանսայի միջազգային մարզադաշտ»-ին շրջակայքը արձակուած կրակոցներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով անմեղ զոհերուն թիւը շուրջ 160 է: «Պաթաքլան» թատերասրահին մէջ պատանդ վերցուած է շուրջ 60...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն.  «Sans Retour Possible» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն  Եւ Հանդիպում Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. «Sans Retour Possible» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Եւ Հանդիպում Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում մը ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ Փարիզի լսատեսողական հայկական միութեան հիմնադիր անդամ Ժաք Քէպատեանին հետ երէկ` ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Հրաչ Թոքաթլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ներկայացուց ֆրանսահայ բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանը: Ան ըսաւ, որ Ժաք Քէպատեան հեղինակ ու բեմադրիչ է վաւերագրական...

Page 733 of 795 1 … 732 733 734 … 795

Արխիւներ