Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Կողմը Պատասխան Գործողութիւններու Պիտի Դիմէ»

January 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzroun_011116

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց, որ սահմանային իրավիճակի լարումը եւ Ղարաբաղի մէջ հայ զինուորական ծառայողի սպանութիւնը անպատասխան պիտի չմնան:

Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իրավիճակի լարման համար մեղաւորը ազրպէյճանական կողմն է, եւ հետագայ գործողութիւններուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը նոյնպէս Պաքուի վրայ է:

«Մենք բազմիցս նշած ենք, որ կան հակառակորդի զսպումի յատուկ գործողութիւններ, անոնք կանխարգելիչ եւ պատասխան գործողութիւններու ամբողջութիւն մըն են, որոնք շատ պարագաներու չեմ կրնար յայտարարել: Անոնց հետեւանքները այն կորուստներն են, զորս հակառակորդը տարուան ընթացքին կ՛ունենայ», ըսաւ ան:

Արծրուն Յովհաննիսեան շեշտեց, որ տօնական օրերուն սահմանին վրայ իրավիճակը բաւական կայունացած էր, սակայն վերջին օրերուն Ազրպէյճանը անգամ մը եւս սկսած է սրել իրավիճակը:

«Այս պահու դրութեամբ յստակ աստիճանի լարուածութիւնը կը պահպանուի, բայց ընդհանուր առմամբ, համեմատած մինչեւ Ամանոր լարուածութեան հետ, թոյլ է», նշեց Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով` հակառակորդը լարուածութիւնը բարձրացուցած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն, վերջին օրերուն գնդակոծուած է նաեւ Տաւուշը: «Այո՛, ունեցած ենք քանի մը կրակոցներ գիւղերու ուղղութեամբ, բայց հիմնականին մէջ հրաձգային փոքր զէնքերէ: Յատուկ վնասներ եւ կորուստներ չենք ունեցած», ընդգծած է Յովհաննիսեան:

 

 

 

Նախորդը

Զինուոր Արամայիս Ոսկանեան Յետմահու Պարգեւատրուած Է «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով

Յաջորդը

Ռուսիան Հայաստան Ուղարկած Է Անօդաչու Սարքեր

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.