Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պատրիարքին Յայտարարութիւնը Բուռն Քննադատութեան Արժանացաւ

Յունուար 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Kiril_011216
Քիրիլ պատրիարքը

Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ 7 յունուարին Ս.Ծնունդի տօնին առիթով ռուս հաղորդավար Տմիթրի Քիսելիովի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որ հեռարձակուած է «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն: Ան հարցազրոյցի մէջ անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ  ստեղծուած կացութեան եւ օրինակ բերելով Օսմանեան կայսրութիւնը նշած է. «Առնենք օրինակ, Օսմանեան կայսրութիւնը. այո՛, այնտեղ եղած են քրիստոնէական փոքրամասնութիւններ, սակայն ոչ ոք զանոնք ոչնչացուցած է, որովհետեւ յստակ կարգ եղած է կրօնական հասարակութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ»:

Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի վերոնշեալ յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ յառաջացուց իրերամերժ կարծիքներ, ըստ որոնց, ան անուղղակի կերպով մերժած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սակայն Քիրիլ պատրիարքի մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր քահանայ Վոլքով յայտարարած է. «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ սրբագոյն պատրիարք Քիրիլը խօսած է վերջին տարիներուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու սարսափելի եւ աննախադէպ իրավիճակին մասին: Այդ ծիրին մէջ սրբազանը բերած է Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան օրինակը, ուր եղած են այնպիսի շրջաններ, երբ ներմուծուող կարգը կ՛ապահովէր համեմատական անվտանգութիւն եւ կայունութիւն կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքին մէջ:

«Նման կարգի բացակայութիւնը միշտ, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ 100 տարի առաջ, այնպէս ալ ժամանակակից Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ, կը բերէ դէպքերու ողբերգական զարգացում: Ահա թէ ինչու մենք ժամանակակից իրադարձութիւնները կը կոչենք ցեղասպանութիւն: Մեր եկեղեցւոյ դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով բազմիցս յստակ հնչեցուած է պատրիարքի մեծաթիւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ ուղերձներուն մէջ: Մեր դիրքորոշումի վառ օրինակ է Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ` բարձրագոյն մակարդակով մասնակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն. նորին սրբութեան մասնակցութիւնը Մոսկուայի մէջ հայկական եկեղեցւոյ օծման, նախորդ տարի Երեւան ռուսական եկեղեցւոյ պատուիրակութեան այցելութիւնը` մասնակցելու յիշատակման ձեռնարկներուն, որոնք նուիրուած եղած են ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

«Ռուսական եկեղեցւոյ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: Մենք մշտապէս բաց, հրապարակային ձեւով պաշտպանած ենք եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել այդ դիրքորոշումը միջազգային, միջքրիստոնէական եւ միջկրօնական հարթակներուն վրայ»:

 

Նախորդը

Աւետիսեաններու Սպանդէն Տարի Մը Ետք Տակաւին Ոճրագործը Չէ Պատժուած

Յաջորդը

Ժողովրդային Ու Երիտասարդական Խուռներամ Ներկայութեամբ Աթէնքի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?