Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Կեդրոնական Հաւաքակայան

Յունուար 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Seyran_011016

Ձմեռնային զօրակոչի ընթացքը եւ իրականացուող աշխատանքները տեղւոյն վրայ  դիտարկելու նպատակով` Հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, զրուցելով նորակոչիկներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ` Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ հայկական զինուորական ուժերը ամէն օր գերազանցութեամբ կը  յանձնեն իրենց առջեւ դրուած քննութիւնը, ինչ որ վստահաբար բանակի ղեկավարութեան եւ հրամանատարութեան հետեւողական աշխատանքին, հայ զինուորներու բարեխիղճ ծառայութեան եւ հասարակութեան միակամ աջակցութեան արդիւնքն է: Պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ զօրակոչ առ զօրակոչ կը կատարուի կարելին` համապետական նշանակութեան այս կարեւոր հոլովոյթը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու, զօրակոչի թափանցիկութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:

Հաւաքակայանին մէջ պաշտպանութեան նախարարը զրուցած է նաեւ նորակոչիկներու հետ, հետաքրքրուած է ազգային բանակ զօրակոչուող երիտասարդներու մասնագիտական ու կրթական ունակութիւններով: Նախարար Սէյրան Օհանեան երիտասարդներուն յորդորած է գիտակցաբար մօտենալ զինուորական ծառայութեան, լսած է  հրամանատարներուն մտահոգութիւնները եւ անվերապահօրէն ցուցմունքներ կատարած է անոնց:

2016-ի Ձմեռնային Զօրակոչը Սկսաւ

9179_011016

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսաւ 2016 թուականի ձմեռնային զօրակոչը:

Զօրակոչին մասնակցող բոլոր կառոյցներու համակարգուած աշխատանքներուն շնորհիւ աւելի բարձր հիմքերու վրայ դրուած է զօրակոչային հոլովոյթի իրականացումը: Աւելի օրինական եւ թափանցիկ զօրակոչ ապահովելու նպատակով ներդրուած զինուորական ծառայութեան վայրի ընտրութեան վիճակահանութեան սկզբունքը կ՛ապահովէ արդարութեան սկզբունքներու  պահպանումը, նուազագոյնին կը հասցնէ փտածութեան դրսեւորումները եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ առաւելագոյնս կանխելու անօրինականութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու համալրման հոլովոյթը խստագոյնս կը վերահսկուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավարութեան եւ  իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին հրամանով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի հովանիին ներքեւ ստեղծուած է 2016-ի ձմեռնային զօրակոչի ընթացքին քաղաքացիներու դիմումներու եւ բողոքներու քննարկման յանձնախումբ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Փոխադրութեան Միջոցներու Նախարարը

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Զինուած Ուժերը Ոչինչ Անպատասխան Պիտի Ձգեն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?