Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Զոհերուն Եւ Վիրաւորներուն Մեծամասնութիւնը` Գերմանացի Զբօսաշրջիկներ

Յունուար 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bolis_011216

Պոլսոյ Սուլթանահմեթ շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 10 զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը` գերմանացի զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ 15 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը դարձեալ գերմանացի զբօսաշրջիկներ էին:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք ճշդած են, թէ յարձակումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ օտարերկրացի մըն է: Ան խոստացաւ բացայայտել եւ պատժել անոր գործակիցները, ինչպէս նաեւ շարունակել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:

Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան «շրջանին մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն գլխաւոր թիրախն է»` աւելցնելով, որ իր երկիրը «հաւասարապէս անոնց բոլորին դէմ կը պայքարի»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին նշեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը 1988-ի ծնունդ սուրիացի մըն է եւ անոր ունեցած կապերուն շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Ան նշեց, որ գործողութեան հեղինակը Թուրքիոյ հսկողութեան ենթակայ անձերու ցանկին վրայ չէր եւ կը կարծուի, որ վերջերս Սուրիայէն մուտք գործած է Թուրքիա:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «լուրջ մտահոգութիւն» յայտնեց` նշելով, որ գերմանացի զբօսաշրջիկներու խումբ մը վնասներ կրած է: Ան աւելցուց. «Այսօր Պոլիսը հարուածուեցաւ, Փարիզը հարուածուած է, Թունուզը հարուածուած է, Անգարա նախապէս հարուածուած էր: Միջազգային ահաբեկչութիւնը այսօր անգամ մը եւս իր բիրտ ու անմարդկային երեսը ցոյց կու տայ»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլիս գտնուող գերմանացի զբօսաշրջիկներուն յորդորեց բազմամարդ վայրերէն եւ զբօսաշրջական վայրերէն հեռու մնալ` զգուշացնելով, որ Թուրքիոյ տարածքին յաւելեալ բիրտ բախումներ եւ «ահաբեկչական յարձակումներ» նախատեսուած են:

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նորվեկիացի մը հիւանդանոցին մը մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` նշելով, որ Իրան Թուրքիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան կողքին կը կանգնի ընդդէմ ահաբեկչութեան` աւելցնելով միաժամանակ, որ այդ պայթումը ահաբեկչութեան դէմ շրջանային համակարգումի կարեւորութիւնը կը փաստէ:

Նախնական Տեղեկութիւններով` Պոլսոյ Պայթումին
Սպաննուածներու Շարքին Հայեր Չկան

Նախնական տեղեկութիւններով` Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով սպաննուածներու շարքին հայեր չկան: Այդ մասին հաղորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

 

Նախորդը

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում

Յաջորդը

Մինչ Ապահովական Կառոյցները Կը Շարունակեն Հետապնդել Եւ Ձերբակալել Ահաբեկիչները. Բանակը Բուռն Ռմբակոծումի Կ՛ենթարկէ Արսալի Բարձունքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?