Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 111-րդ Լսարան. «Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւնները. Մարտահրաւէրները Եւ Հեռանկարները» Նիւթով Զեկուցեց Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Յունուար 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ML111a_011316

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները. մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները» նիւթով մամլոյ 111-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ զրուցավարը` «Ազդակ»-ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, որ ներկայ Թուրքիոյ մէջ աշխատանք կը տարուի գոյացնելու յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի նոր սահմանադրութեան մը նախագիծին պատրաստութեամբ: Կը նախատեսուի, որ յանձնախումբին մաս կազմեն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չորս կուսակցութիւնները: Ան յայտնեց, որ յանձնախումբին առջեւ ծառացած եւ քրտական հարցի եւ քաղաքացիական հարցերու լուծումները, ինչպէս նաեւ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն նախագահական համակարգ անցում կատարելու հարցի լուծումը: Ապա Էմմիեան հրաւիրեց զեկուցաբեր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, որ ներկաները իրազեկ դարձնէ այս մտահոգութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

ML111_011316Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ պետութեան մօտեցումի հոլովոյթին մասին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ Թուրքիոյ պետութեան քաղաքականութիւնը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ եղած է ու կը մնայ անփոփոխ: Բացայայտուած է, ու 1923-էն ի վեր թրքական կառավարութիւնը թուանշաններու համակարգով մը նշած է ու կը նշէ փոքրամասնութեան պատկանող իւրաքանչիւր անհատի ծագումը: Այս աւանդութիւնը եկած է Օսմանեան օրերէն: Կարգ մը պարագաներու, նշեց զեկուցաբերը, պետութիւնը աւելի գիտէ որոշ ընտանիքներու հայկական ծագման մասին, քան ընտանիքի անդամները: Մէկ խօսքով` Թուրքիոյ պետութիւնը փոքրամասնութիւնները կը նկատէ օտար եւ ազգային անվտանգութեան հարց ունեցող մասնիկներ: Ան ըսաւ, թէ նախորդ դարու 50-ական 60-ական թուականներու հանրապետութեան արխիւներուն մէջ այդ ժամանակաշրջանի հայ համայնքի ղեկավար դէմքերուն վերաբերեալ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ եղած են թուրք գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:

Իսկ պոլսահայութեան դժուարութիւններուն եւ իրավիճակին անդրադառնալով դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ աւանդաբար թրքական իշխանութիւնները ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ ունին երեք մօտեցում. լաւ հայեր, որոնք Թուրքիոյ հլու հնազանդ քաղաքացիներն են: Խեղճ հայեր` Հայաստանի հայերն են, որոնք տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ կ՛ուզեն, որ անպայման Թուրքիոյ սահմանները բացուին, եղբայրական  յարաբերութիւններ մշակուին երկու երկիրներուն միջեւ: Կան նաեւ վատ հայերը, որոնք սփիւռքի հայերն են, որոնք խոչընդոտ կը ստեղծեն եւ  Թուրքիոյ անունը կ՛աշխատին վարկաբեկել:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ պոլսահայ համայնքին մէջ բարձրաձայն  խօսողները անպայման չեն ներկայացներ պոլսահայութեան ձայնը, այլ որոշ խաւի մը, որ կարելի է սահմանել իբրեւ մտաւորականներու կամ ձախակողմեան որոշ հակումներ ունեցող անձնաւորութիւններու հաւաքականութիւն:

Պոլսահայ համայնքը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կ՛ապրի իր մշակութային, ազգային կեանքը` փորձելով քաղաքական հարցերուն մէջ չմտնել:

Ինչ կը վերաբերի «Նոր զարթօնք» շարժման, ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր դրսեւորում, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ հայկական շրջանակներուն մէջ, ինքնին յիշեցում մըն է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու ահագնութեան մասին: «Նոր զարթօնք»-ը երեւոյթ մըն է, ըմբոստութիւն`  որոշ իրականութեան մը դէմ: «Նոր զարթօնք» շարժումը թուրքերուն ուշադրութիւն գրաւեց եւ անոր յաջողութիւնը պայմանաւորուած չէ անպայման պոլսահայութեան ներքին զարթօնք ապրելու կամ չապրելու երեւոյթով:

Անդրադառնալով երեք հայ երեսփոխաններու երեւոյթին` պետութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ զեկուցաբերը յայտնեց, թէ երեք երեսփոխանները կարելի չէ տեղադրել նոյն դաշտին մէջ : Մէկը` Մարգար Եսայեան, ընտրուած ոչ իբրեւ հայ, այլ իբրեւ լրագրող, որ նեցուկ կանգնած է էրտողանեան կամքի դրսեւորման: Միւս երկուքը կը ներկայացնեն որոշ չափով  պոլսահայ գաղութը` իր առանձնայատկութիւններով: Իսկ Կարօ Փայլան կը ներկայացնէ պահանջատիրութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս: Ան բնականաբար պիտի խօսի հայկական հարցին եւ հայ համայնքը յուզող հարցերուն մասին:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ Կարօ Փայլանները հայկական քուէով չէին կրնար ընտրուիլ, իսկ անոր ներկայութիւնը բացակայութեան մը դրսեւորումն է ու արտայայտութիւնը թրքական խորհրդարանին մէջ: Պէտք է ընդունիլ Կարօ Փայլանին ներկայութիւնը` իբրեւ քայլ մը ճիշդ ճանապարհին վրայ առնուած, այլ ոչ թէ բարիք:

Ինչ կը վերաբերի քրտական շարժման զարթօնքին, Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ քրտական շարժումը «հրդեհ մարելու» վիճակէն անցած է այլ ծրագիրներու:

Քիւրտերը բազմազգեան բազմամշակութային տարածք մը ստեղծելու ծրագիրը սկսած են հետապնդել ու ստեղծել եւ այս ծրագիրին դրսեւորումները ակնյայտ են Տիգրանակերտի մէջ:

Այսօրուան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հասկացողութեան մէջ 40 հազար հայերը խնդիր չեն ներկայացներ, այլ բնակչութեան 15-20 առ հարիւրը հանդիսացող քիւտերն են, որոնք այդ խնդիրը կը ներկայացնեն, նշեց զեկուցաբերը, ապա հաստատեց, որ քրտական շարժման որդեգրած քաղաքականութիւնը սկսած է եւրոպական երկիրներու մամուլին մէջ ուշադրութիւն գրաւել: Քրտական շարժումները այսօր հասած են այն որոշման, թէ միայն պայքարով պայման չէ, որ տեղ հասնին: Անոնք վերածուած են որոշ ուղղուածութիւն ունեցող կազմակերպութեան, որուն պտուղները արդէն կը քաղեն քիւրտերը այսօր:

Իսկ իսլամացուած հայերու մասին Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ Տիգրանակերտի եւ ամբողջ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն լոյսին տակ կարեւոր է, որ իսլամացած հայերը զգան, որ իրենք անսահման առանձնութեան մէջ չեն: Կարեւոր է, որ մենք ստեղծենք մթնոլորտ մը, իրավիճակ մը, որ այն իսլամացած հայերը, որոնք կ՛ուզեն հետապնդել ու երթալ իրենց ակունքներուն, ունենան այդ կարելիութիւնը: Իսլամացած հայերու այն կարեւոր մասը, որոնք իրենց մէջ ունեցած են պայքարի հասկացողութիւնը, բայց իրենց համար կարելիութիւն չէ եղած, որ պայքարին հայկական կազմակերպութեան մէջէն, ընտրած են այն շարժումը, որ ներկայ է իրենց իրավիճակին մէջ, հետեւաբար միացած են քրտական շարժումներ:

Զեկուցաբերը վերջապէս ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումները: Ան ըսաւ, որ Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մասին մէկէ աւելի ձեռնարկներ կազմակերպուած են: Բայց մեծ երեւոյթի մը չէ վերածուած 100-ամեակը: Իրականութեան մէջ այլ դաշտեր ստեղծուած են Թուրքիոյ հայ շրջանակներուն մէջ: Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ այսօր մարդոց համար աւելի էական է իրենց ակունքներու փնտռտուքը: Մարդիկ աւելի շատ կ՛աշխատին ու հետաքրքրուած են իրենց ընտանիքին պատմութիւնը պեղելով:

Աւարտին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ելեկտրամագնիսական Ուժերու Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ» Նիւթով

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Կը Դատապարտէ Թուրքիան Քրտական Կուսակցութիւն Մը Փակելուն Համար

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?