
Լիբանանեան քաղաքական կեանքին, յատկապէս գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու իմաստով երէկ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արձանագրուեցան դրական կեցուածքներ:
Ազգային երկխօսութիւնը հիւրընկալող Այն Թինէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը, որ իր կարգին եղաւ դրական` երկկողմանի լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 13-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որուն ներկայացուց նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ դարձեալ իր մասնակցութիւնը բերաւ երկխօսութեան նիստին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նախարարաց խորհուրդին գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
Նիստէն ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է: «Նիստին ընթացքին Պասիլ յստակացումներ կատարեց Արաբական լիկայի նախանցեալ օրուան նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մասին, եւ մենք կը հասկնանք անոր կեցուածքը», աւելցուց Ժոմպլաթ:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ հինգշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին մասնակցութեան եւ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացման առումով պատրաստակամութիւն կայ:
Իր կարգին, երեսփոխան Միշել Մըր յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է եւ համաձայնութիւն գոյացած է կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտող արգելքները վերացնելու մասին:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստը լրջութեամբ կ՛ընթանայ, սակայն ամէն բան տեղքայլի մէջ է:
Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ոչ մէկ զարգացում կայ:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի եւս շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամբողջական կազմով պիտի գումարէ հինգշաբթի օրուան իր նիստը:
Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ:


