
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքին գայթակղեցուցիչ յայտարարութեան վերաբերեալ պատրիարքարանին հրապարակած պարզաբանումէն ետք պաշտօնական Երեւան կարիք չի տեսներ յաւելեալ մեկնաբանութիւններու:
Ս. Ծննդեան առիթով տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քիրիլ պատրիարքին յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներ չեն ոչնչացուած, վրդովմունք պատճառած էր: Ասոր լոյսին տակ լրատուամիջոցները հրապարակեցին պատրիարքին մամլոյ քարտուղարին մեկնաբանութիւնը` ուղղուած հայաստանեան լրատուամիջոցներուն:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Տաթեւիկ Լազարեան գրած է, որ ուշագրաւ է, թէ այդ յայտարարութիւնը ցարդ տեղադրուած չէ Ռուս ուղղափառ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքերուն վրայ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան այս երեւոյթը տարօրինակ չի նկատեր. «Երբեք լրատուամիջոցներուն տրուող պարզաբանումները կամ մեկնաբանութիւնները չեն տեղադրուիր պաշտօնական կայքերուն վրայ: Մանաւանդ որ պարզաբանումը տրուած է ի պատասխան Մայր Աթոռի կատարած հարցումին»:
Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած պարզաբանումին մէջ նշուած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ իրենց դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: Իբրեւ օրինակ կը բերուէր Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բարձր մակարդակով մասնակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր իրադարձութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն:
Տէր Վահրամ շեշտած է, որ Ռուս ուղղափառ եկեղեցին միշտ ալ զօրակցած է Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` աւելցնելով, որ Մոսկուայէն ստացուած պատասխանին մէջ ամէն ինչ ըսուած է, ուստի Հայ առաքելական եկեղեցին ոչինչ ունի աւելցնելիք. «Մէկ բան յստակ է, որ պէտք չէ աւելորդ տեղը քաղաքականացնել այս ամէնը: Որովհետեւ միայն մէկ արտայայտութեամբ, որ նաեւ իմաստէն դուրս հանուած է, դատել ամբողջ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, կը կարծեմ, տեղին չէ: Մանաւանդ որ այդ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը տարբեր առիթներով եւ տարբեր ձեւերով արտայայտուած է, եւ զօրակցութիւն ցուցաբերուած է թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ հայ եկեղեցւոյ, եւ թէ՛ մեր հայրենիքին»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ պատրիարքարանի պարզաբանման մէջ անդրադարձ կայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման, բայց ո՛չ պատրիարք Քիրիլի յայտարարութեան. «Պարզաբանումը կը գոհացնէ այնքանով, որ հարցականի տակ չի դներ Ցեղասպանութիւնը: Բայց իր նախկին ըսածը հակառակն է այդ Ցեղասպանութեան ճանաչման: Յստակեցում չկայ, որ ինչո՛ւ ըսած էր այն, ինչ որ ըսած էր: Յայտարարութեան վերաբերող մասը իրենք սրբագրեցին, բայց մնաց արձանագրուած, որ ինքը պատմութիւնը խեղաթիւրեց»:
Ըստ Մանոյեանի, հարցերու տեղիք կու տայ նաեւ այն, որ պարզաբանումը ուղարկուած է միայն հայաստանեան լրատուամիջոցներուն եւ պաշտօնապէս չէ հրապարակուած տակաւին: Ան դիտել տուած է, որ կարելի է ենթադրել, թէ ի՛նչ եղած է պատրիարք Քիրիլի յայտարարութեան նպատակը. «Ատիկա իրենց կողմէ իսլամը սիրաշահելու, իսլամը արդարացնելու քաղաքականութիւն է, որ ինչո՛ւ պէտք է իրենք այս ձեւով կատարեն` անհասկանալի է: Բայց ատիկա փաստ է, որ պատմութիւնը խեղաթիւրուած է, եւ ըստ այդմ ալ պէտք է վերաբերինք անոր հետ»:


