Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է  ՀՅԴ «Հայրենիք» Կեդրոն

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է ՀՅԴ «Հայրենիք» Կեդրոն

28 մարտին սկսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ տուած պաշտօնական այցելութիւնը: Մասաչուսեց նահանգին մէջ ան այցելած է հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաք, ուր հայերը անցեալ երկու դարերուն ընթացքին հիմնած են ազգային լուրջ կառոյցներ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի պաշտօնական կայքէն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ հիւրընկալուած է Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանին մէջ, որ հիմնուած է 1971 թուականին: Թանգարանը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կարեւոր...

Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական  Դրամատան Եւ Տնտեսութեան  Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութիւն

Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան Եւ Տնտեսութեան Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութիւն

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան 29 մարտին ընդունած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Մարք Տէյվիսը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է դրամատան` Հայաստանի զարգացման իմաստով ծաւալած հսկայական գործունէութեան համար: Նշելով, որ այս հանդիպումը առիթ է նաեւ խօսելու ցաւոտ հարցերու մասին, նախարարը մանրամասնօրէն անդրադարձած է շարք մը խնդիրներու, որոնք երկուստեք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Նախ կարեւոր նկատուած է համագործակցութիւնը` կառոյցի...

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաճատին: Ողջունելով դեսպանը` նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեամբ ձեւաւորուած կապերը ամուր հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի մարզերուն եւ Իրանի նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման: «Մեր մարզերու աշխուժ համագործակցութիւնը Իրանի նահանգներուն հետ պէտք է կարենանք նոր մակարդակի բարձրացնել», ըսած է նախարարը:...

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն Դուրս  Կը Տարհանեն Իրենց  Զինուորականներուն Ընտանիքները

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիայէն Դուրս Կը Տարհանեն Իրենց Զինուորականներուն Ընտանիքները

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փենթակոնի մամլոյ բանբեր  Փիթըր Կուք յայտնած է, թէ Միացեալ նահանգներ Թուրքիոյ տարածքէն դուրս կը տարհանէ իր զինուորականներուն ընտանիքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը: Փենթակոնի ներկայացուցիչին խօսքով, որոշումը տրուած է մղուած առաւելագոյն զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու քաղաքականութեան հիման վրայ: Որոշումը կը վերաբերի 670 հոգիի տարհանման մասին: Բացի ատկէ, 100 հոգի` ամերիկացի զինուորականներու...

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը  Սիսի Կաթողիկոսարանին Հարցով  Կրնայ Վճիռ Արձակել Մինչեւ Աշուն

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Սիսի Կաթողիկոսարանին Հարցով Կրնայ Վճիռ Արձակել Մինչեւ Աշուն

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատական հայցով զբաղող յայտնի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հարցը ուսումնասիրութեան համար յանձնած է արդարադատութեան նախարարութեան: Սոֆուօղլու յայտնած է, որ Սահմանադրական դատարանը հարցին կապակցութեամբ կը սպասէ արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին: Որովհետեւ Սահմանադրական դատարանին մէջ...

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է,  Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ»  Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է, Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

27 մարտին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հայ հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Պատարագի սրբազան արարողութիւնը սկսաւ հայրապետական խաչվառազարդ շքեղ թափօրով: Հայրապետական ամպհովանիին ներքեւ կը քալէին Ամենայն...

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ.  «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու  Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնին հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագի թափօրին սկիզբը` կիրակի, 27 մարտ 2016-ի առաւօտուն ժամը 10:00-ին: Դպրեվանքի ուսանողներէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած թափօրը Մայր տաճար առաջնորդեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ օրհնելով ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց Ս. տաճար: Պատարագի արարողութեան ներկայ էին դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ,...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ  Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է  Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան»  Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան դէպքին յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս երբ Յիսուսի անմիջական հետեւորդները գերեզման գացին տեսան, թէ անիկա թափուր էր. սակայն...

Ս. Զատկուան Հանդիսաւոր Պատարագը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Զատկուան Հանդիսաւոր Պատարագը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Զատկուան հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցուեցաւ կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Նախատեսուած էր, որ պատարագին հանդիսապետէր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, սակայն հոգեւոր տիրոջ առողջութեան անակնկալ վատթարացման պատճառով, ինչպէս փոխանցեց Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, չվայելեցինք հոգեւոր տիրոջ...

Ռուստամեան. «Շատ Դիւրին Է Մերժել  Ընդդիմութեան Համամասնական  Ցուցակին Վերաբերեալ Առաջարկը»

Ռուստամեան. «Շատ Դիւրին Է Մերժել Ընդդիմութեան Համամասնական Ցուցակին Վերաբերեալ Առաջարկը»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին  անդրադարձաւ նոր Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն: Ռուստամեան կարծիք յայտնեց, որ շահագրգիռ բոլոր կողմերը անպայման պիտի ունենան նկատողութիւններ, բայց կարեւորը արդիւնքն է: Տարիներ շարունակ ընտրացուցակներու հրապարակման կողմնակից Դաշնակցութիւնը այսօր ալ կը պնդէ անոր անհրաժեշտութեան մասին. «Վենետիկի յանձնաժողովի թեթեւ ձեռքով է, որ այս արգելքը դարձած է անշրջելի խոչընդոտ...

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի  Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

25 մարտ 2016-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Թաղման կարգի սրտառուչ արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած` միաբան հայրերով: Շարականներու երգեցողութիւնը, ինչպէս Աւագ շաբթուան բոլոր միւս օրերուն, կատարուեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ: Ժողովուրդը, որ հոծ բազմութեամբ ներկայ էր արարողութեան, Խաչելութեան կարգէն սկսեալ կ’այցելէր մայրավանք եւ ուխտաւորաբար ծաղիկներ կ’ընծայէր ու կ’աղօթէր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող Մայր տաճարին դասին մէջ զարդարուած դագաղին առջեւ:...

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն»  Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

  Երէկ` ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին: Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս....

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ.  Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց կարգը եւ Թաղման թափօրը` նախագահութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողորդապետ Պերճ վրդ. Սապէի, փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, Խաչիկ վրդ. Գոյումճեանի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Թաղման արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն...

Արցախի Մէջ.  Սահմանադրական Բարեփոխումներուն  Նուիրուած Խորհրդակցութիւն

Արցախի Մէջ. Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Նուիրուած Խորհրդակցութիւն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 մարտին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` նուիրուած սահմանադրական բարեփոխումներուն: Նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ ինչպէս որեւէ պետութեան մէջ, Արցախի մէջ եւս հասարակական յարաբերութիւնները անընդհատ կը փոխուին` պահանջելով իրաւակարգաւորման նոր լուծումներ, որոնց մէկ մասը կը պատճառէ սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն: «Որեւէ փոփոխութիւն կատարելու ատեն պէտք է նկատի ունենալ երկրին ապահովութեան, ժողովրդավարութեան եւ հասարակութեան համախմբուածութեան ամրապնդման...

Նախարար Օհանեան Այցելած Է Բանակի  Կարգ Մը Ստորաբաժանումներ, Մարտական Յենակէտեր

Նախարար Օհանեան Այցելած Է Բանակի Կարգ Մը Ստորաբաժանումներ, Մարտական Յենակէտեր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 23 մարտին աշխատանքային այցելութիւն տուած է 5-րդ բանակային զօրամիաւորման շարք մը ստորաբաժանումներ: Այցելութեան նպատակն էր տեղւոյն վրայ դիտարկել զինուորական ծառայութեան կազմակերպման պայմանները, ծանօթանալ սահմանագօտիի տուեալ հատուածի գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ստուգել նախորդ այցելութիւններուն ընթացքին տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը: Ան այցելած է նաեւ մարտական յենակէտեր, ծանօթացած է երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու վիճակին, ընթացիկ աշխատանքներուն,...

Ցեղասպանութեան Մասին  Խօսիլը Օժանդակեց  Արժանթինի Մէջ Մարդու  Իրաւունքներու Իրավիճակի Բարելաւման

Ցեղասպանութեան Մասին Խօսիլը Օժանդակեց Արժանթինի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Իրավիճակի Բարելաւման

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Արժանթինի մէջ զինուորական յեղաշրջման 40-ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որ տեղադրուած է prensaarmenia.com.ar կայքին վրայ: Յանձնախումբը կը նշէ, որ ժողովրդավարութեան վերականգնումէն ետք Արժանթին մեծ նուաճումներ արձանագրած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ: «Հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութեան եւ փոխհատուցման համար մեր պայքարը իր մեծագոյն յաջողութիւնները արձանագրեց այն ատեն, երբ ընդհանուր առմամբ շեշտը...

Նալբանդեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Երեւանեան  Գրասենեակի Նոր Նշանակուած Ղեկավարը

Նալբանդեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակի Նոր Նշանակուած Ղեկավարը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 24 մարտին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար Արկօ Աւաքովը, որ իր հաւատարմագիրը յանձնած է նախարարին: Էդուարդ Նալբանդեան եւ Արկօ Աւաքով քննարկած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն հոլովոյթը, ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի օժանդակութեամբ իրականացուող ծրագիրները: Նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթած է Աւաքովին իր առաքելութեան մէջ եւ նշած, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ մնայուն...

Ասատուր Եւ Յարութիւն Թորոսեան  Այցելեցին «Ազդակ»

Ասատուր Եւ Յարութիւն Թորոսեան Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին սփիւռքահայ արուեստագէտներ Ասատուր եւ Յարութիւն Թորոսեան: Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ասատուր ընդգծեց արուեստի մասին մամուլի ճշգրիտ լուսաբանման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով գնահատականով լուսարձակի տակ առաւ ընդհանրապէս  հայկական գեղանկարչութեան մասին «Ազդակ»-ի հրապարակած արուեստաբանական վերլուծումները:    

Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի  Ղեկավարութիւնը Կորսնցուցած Է  Իրականութեան Զգացումը»

Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը Կորսնցուցած Է Իրականութեան Զգացումը»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 23 մարտին այցելած է Ստեփանակերտ, ուր ընդունուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ: Նախագահ Սահակեանն ու նախարար Նալբանդեանը հանգամանալից զրոյց ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ, անդրադարձած են այդ ուղղութեամբ Արցախի, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատուած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն...

«Թուրքիան Հասկցած Է, Որ Ֆրանսայի Մէջ  Հայ Համայնքը Լուրջ Գործօն Է»  Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

«Թուրքիան Հասկցած Է, Որ Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Լուրջ Գործօն Է» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ 24 ապրիլին տեղի պիտի ունենան ցոյցեր եւ տարբեր միջոցառումներ` ընդգծելով, որ բոլոր ձեռնարկները պիտի ունենան պահանջատիրական բնոյթ: «Փարիզի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկները կառավարական բնոյթ ունին: Հերթական տարին է, որ մենք 24 ապրիլի ձեռնարկները կը...

Page 708 of 795 1 … 707 708 709 … 795

Արխիւներ