Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բացառե՛լ Անհասկնալի Միտումները (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 28, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM79620-copy

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 98-ամեակը, զոր կը փորձենք լոյսին բերել, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդող տարուան կը զուգադիպի, նաեւ` մեր երկու հանրապետութիւններուն հիմնադրութեան 25-ամեակին: Երկու տարի ալ մեզ կը բաժնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակէն:

Տարելիցի եւ յոբելենական տարեթիւերու առանցքին վրայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմակերտ հանգամանքը անպայման համազգային մակարդակի վրայ գիտական, քաղաքական եւ իրաւական միտքերու գնահատականներուն կ՛արժանանայ` իբրեւ մեր լինելութեան շարունակականութիւնը ապահոված հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենաանկիւնադարձային իրադրութիւն:

Թուականներով յատկանշուող խորհուրդներու միջեւ ագուցումներու արագ փորձը Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան կասեցում կ՛ենթադրէ եւ իբրեւ այդպիսին` հայ ժողովուրդի գոյատեւման իրական երաշխիք կը հանդիսանայ, բայց նաեւ` հարիւրաւոր տարիներու պետականազուրկ վիճակէ հայ ժողովուրդը դուրս բերող եւ պետականութիւն կերտող հսկայկական խորհուրդ: Եւ այնուհետեւ` պետականաշինութենէ մինչեւ դիւանագիտական համակարգի հաստատում, անձեւ քաոսէն երկրի գոյառում, մինչեւ Զանգեզուր, մինչեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը կազմակերպողներուն հաշուեյարդարի որոշում:

Պատմականօրէն առարկայական պիտի չըլլար,  սակայն, այս բոլորին առանցքային ուժը ուղղակի անուղղակի չտեսնելը եւ իրադարձութիւններու շղթան ներկայացնել այնպէս, որ հերոսներ, պատմական դէմքեր յաջողած են համախմբել եւ կերտել Սարդարապատը, հանրապետութիւնը, փրկել Զանգեզուրը: Այս միտումը կը նկատուի ամէն անգամ, երբ հայրենիքի մէջ կը խօսուի Երեւանը չդատարկելու Արամի վճռակամութեան, Զանգեզուրը փրկած Նժդեհին, «Նեմեսիս»-ի նախապատրաստական աշխատանք ղեկավարած Թալէաթը զգետնած Թեհլիրեանի մասին:

Տուինք օրինակներուն ամենացայտունը: Դաշնակցութիւնը ի՛նք յայտարարած է, որ մայիս 28-ը համայն հայութեան սխրագործութիւնն է եւ ամենահամազգային խորհրդանիշն է մեր ժամանակակից պատմութեան: Առանց համաժողովրդային այդ ծառացումին` չէին ըլլար Սարդարապատն ու միւս ճակատամարտերը, չէր ըլլար ընդհանրապէս հանրապետութիւնը:

Սակայն միաժամանակ նաեւ կար, կաղնիացած էր որոշում տուող, համախմբող, մագնիսացնող, կամաւորներ հաւաքագրող, կառավարութիւն ղեկավարող, բանակ կերտող ուժը` Դաշնակցութիւնը, որ իր ողջ կարողականութիւնը ներդրած էր այս լինել-չլինելու գոյապայքարին մէջ:

Հայրենի լուրջ պատմագիտութիւնը չի շրջանցեր այս փաստը. խօսքը քարոզչաքաղաքական նպատակներով տարուող Նժդեհի, Արամի, եւ շատ ուրիշներու ապադաշնակցականացման անտեղի փորձերուն մասին է:

Սեւացրէքեան եւ պատմութենէն էջեր ջնջելու, լռութիւն պահելու եւ պատմութիւն նենգափոխելու ժամանակները վաղուց անցած են: Պատմագիտութիւնը փաստերու վրայ հիմնուած է, եւ որքան փաստացի, այնքան գիտական, ուրեմն նաեւ այնքան հաւաստի  կը նկատուի վարկածը, տեսութիւնը:

Այս մտածումները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նախօրեակին հրապարակելը օգտակար կրնայ դառնալ: Կուսակցութեան մը քարոզչական առաւելներուն մասին չէ խօսքը: Բայց նաեւ չընդունիլը նոյն այդ կուսակցութիւնը միտումնաւոր ձեւով շուքի մէջ ձգելն ու խնամքով անուշադրութեան մատնելը: Այդ բոլորը հասկնալի էին խորհրդային տարիներուն: Հասկնալի չէին, բայց հասկնալի դարձան վերանկախացած Հայաստանի առաջին վարչակարգի օրերուն: Այսօր հասկնալի չեն:

Նախորդը

Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» Հիւանդանոցը, Այժմու Ծերանոցը Հրթիռակոծուեցաւ։ Զոհուեցաւ Հայուհի Մը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Աթլեթիքօ Մատրիտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?