Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Կը Սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն

Մայիս 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

president_52316

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Քրիսթիան Վիկենինը:  Ողջունելով հիւրը` նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը իբրեւ համաեւրոպական անվտանգութեան մարզի կարեւոր կազմակերպութիւն եւ մասնակից երկիրներուն միջեւ իրաւահաւասար երկխօսութեան կարեւորագոյն հարթակ:

Ըստ նախագահ Սարգսեանի, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական ձեւաչափը համագործակցութեան եւ երկխօսութեան լայն կարելիութիւն կը ստեղծէ խորհրդարանականներուն միջեւ կապերու, համագործակցութեան կարելիութիւնները օգտագործելու` ի նպաստ անվտանգութեան եւ ժողովուրդներու երկխօսութեան խրախուսումին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Քրիսթիան Վիկենինի ունեցած հարուստ փորձառութիւնը` իբրեւ խորհրդարանականի, նաեւ իբրեւ Պուլկարիոյ նախկին կառավարութեան անդամի, կարելիութիւն պիտի տայ իրեն վստահուած հարցերուն մօտենալու շատ աւելի համապարփակ կերպով:

Քրիսթիան Վիկենին նախ շնորհաւորած է Հայաստանի նախագահը` Վիեննայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կատարուած կարեւոր քայլին գծով` նշելով, որ մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար տակաւին անհրաժեշտ է շատ ջանքեր գործադրել: Այս իրավիճակին մէջ, ըստ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչին, վեհաժողովը իր դերակատարութիւնը կը տեսնէ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն օժանդակելու մէջ: «Կը վերահաստատեմ,  որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ ուղիով լուծելէ բացի այլ տարբերակ գոյութիւն չունի, եւ մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գործունէութեան», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

«Մենք Հայաստանի Մէջ Պիտի Ապահովենք Մրցակցային Հաւասար Պայմաններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Պարտուեցաւ Երրորդ Մրցումին

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?