Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիացի Գաղթականներուն Համարկումը Կամ Բնակեցումը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Մայիս 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

humanity_summit_52316

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Պոլսոյ մէջ գումարուող Մարդասիրութեան համաշխարհային խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր սահմանադրութեան համաձայն չի կրնար ընդունիլ սուրիացի գաղթականներուն համարկումը կամ բնակեցումը, եւ կամ անոնց լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որ նման խորհրդաժողովի մը նախաձեռնած է, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին եւ կառավարութեան` այդ խորհրդաժողովը հիւրընկալելու համար:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միակ միջոցը քաղաքական լուծումն է` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը պիտի օժանդակէ հաշտութեան հոլովոյթին:

«Տարբեր վիճակագրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, սուրիացի գաղթականները կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը, իսկ  պատմութենէն սորված մեր դասերուն համաձայն, երբ գաղթականներուն կեցութիւնը երկարատեւ կ՛ըլլայ` տունդարձի խանդավառութիւնը կը նուազի: Ասիկա վտանգ մըն է, որուն կարելի չէ հանդուրժել եւ դիմադրել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակելու պատասխանատուութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը երկրին բնակչութեան մէկ երրորդն է:

«Լիբանան կը տառապի սուրիացի գաղթականներուն ստեղծած ողբերգութենէն եւ ան կ՛ապրի հաստատութենական խախտում մը, որ հետեւանք է երկու տարիէ ի վեր նախագահական թափուր աթոռի գոյութեան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին աշխուժացնելու ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը եւ այլոց հետ գործակցաբար իրականացնելու այդ նպատակը:

Նշենք, որ Սալամի ընկերակցեցան ընկերային հարցերու եւ կրթութեան նախարարներ Ռաշիտ Տըրպաս եւ Էլիաս Ապու Սաապ:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սալամ հանդիպեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

 

Նախորդը

Մուքպել Զասիփքինի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանեան-Ռուսական Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Մելսիկ Չիլինգարեան Ազատ Կացուցուած Է Զինուորական Սպառազինութեան Պետական Վարչութեան Պետի Պաշտօնէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?