Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Առանց Լեռնային Ղարաբաղի Մասնակցութեան Անկարելի Կ՛ըլլայ Որեւէ Փաստաթուղթի, Համաձայնագիրի Ստորագրումը»

May 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_52616

26 մայիսին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսք առնելով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի առնչուող զարգացումներուն:

Էդուարդ Նալբանդեան յայտնած է, որ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ պիտի շարունակեն միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացնել Ազրպէյճանի անմարդկային գործողութիւնները: «Վստահաբար, Հայաստանն ու Ղարաբաղը ներկայացուցած են եւ կը ներկայացնեն մարդու իրաւունքներու համապատասխան մարդասիրական համաձայնագիրներու ոտնահարումները: Ինչպէս գիտէք, հոլովոյթը պարզ չէ, սակայն մեր կողմէ կը կատարուի  ամէն կարելի բան, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնները տեղեկանան ամէն բանի մասին եւ համապատասխան արձագանգ տան», ըսած է ան:

Նալբանդեան նաեւ դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող բոլոր աշխատանքային փաստաթուղթերուն մէջ առկայ է այն կէտը, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու կողմ: «Բոլոր աշխատանքային փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք մինչեւ այժմ քննարկուած, բանակցութեան դրուած են ու որոնք պահ դրուած են գլխաւոր քարտուղարութեան գրասենեակին մէջ, առկայ է այդ կէտը, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն եւ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան անկարելի կ’ըլլայ որեւէ փաստաթուղթի, համաձայնագիրի ստորագրումը», ըսած է նախարարը:

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարարը ըսած է, որ այդ ատեն ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրուած է, իսկ այդ մասին տարաձայնութիւնները իրականութեան հետ առնչութիւն չունին: «Որեւէ ստորագրութեան մասին ոչ միայն վաղաժամ է խօսիլը, այլեւ անիմաստ: Որեւէ փաստաթուղթ չկայ, որ ստորագրուի: Նախարարը նշած է, որ բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է ապահովուին համապատասխան պայմաններ: «Եթէ ստեղծուի դիտարկումի մեքանիզմներու ներդրման կարելիութիւն ու ընդլայնուին ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւնները, այսինքն` բացառուին այնպիսի զարգացումներ, որ եղան ապրիլ ամսուան սկիզբը, ապա  կարելիութիւններ կան վերսկսելու այդ բանակցութիւնները», դիտել տուած է Էդուարդ Նալբանդեան:

Պատասխանելով Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեանի հարցումին` ան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ռազմական փոխօգնութեան համաձայնագիրը մշակման փուլի մէջ է: «Ճիշդ էք, համաձայնագիրի պատրաստութիւնը յանձնարարուած է արտաքին գործոց  նախարարութեան, անիկա մշակման փուլին մէջ է: Յաջորդ քայլերը կախուած կ՛ըլլան ապագայ զարգացումներէն եւ համապատասխան գործօններէն: Այսքանն է, որ ես այսօր կրնամ ըսել», ըսած է նախարարը: Ան աւելցուցած է, որ այս ոչ այնքան պարզ գործընթացներուն առնչութեամբ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն իշխանութիւնները քննարկումներ կը կատարեն եւ անոնց իբրեւ արդիւնք կու գան եզրակացութեան` երբ կարելի ըլլայ ատիկա իրականացնել: Նայիրա Զոհրաբեան արձագանգելով հարցուցած է. «Խորհրդարանը Արցախի ճանաչումը այս պահուն նկատեց ոչ ճիշդ: Հաշուի առնելով ձեր նշած խնդիրները, փաստօրէն նոյն դրութեամբ կ՛ընթանայ զինուորական  փոխօգնութեան համաձայնագիրը պատրաստելու ընթացքը, այսինքն` հաւանական է, որ չգայ զանիկա ընդունելու պատեհ պահը»: Ի պատասխան Էդուարդ Նալբանդեան նշած է. «Ես նոյն հաւասարութեան վրայ չէի դներ այդ երկու հարցերը: Չէի օգտագործեր «նոյն դրութեամբ»  կամ այլ բառակապակցութիւններ: Ես կ՛ըսէի` այդ համաձայնագիրի մշակման եւ կնքման հետ կապուած հարցերը կը գտնուին մեր օրակարգին վրայ»:

Նախորդը

Պիտի Հրապարակուի 10 Կարեւոր Ապրանքներու Ներածման Փաստաթուղթերու Ցանկը

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.