Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Հայաստանի Մէջ Պիտի Ապահովենք Մրցակցային Հաւասար Պայմաններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

May 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

minasyan_52316

21 մայիսին տնտեսութեան նախարարութեան մէջ կայացած է սեմինար զուիցերիական «Արտօնութիւններու ընդհանրացուած համակարգ» (Ճի. Էս. Փի.) արտօնեալ դրութեան եւ հայ-զուիցերիական առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն վերաբերեալ: Սեմինարին նպատակն էր ներկայացնել Զուիցերիոյ կողմէ Հայաստանին տրամադրուող արտօնութիւններու ընդհանրացուած համակարգը` Ճի. Էս. Փի. արտօնեալ դրութիւնը, որպէսզի հայ գործարարները, որոնք արտածում կը կազմակերպեն դէպի Զուիցերիա, տեղեակ ըլլան գործող ընթացակարգին, տրամադրուող արտօնութիւններուն մասին: Բացի Զուիցերիայէն, Հայաստանին այդ դրութիւնը տրամադրած են նաեւ Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Ճափոնը եւ Նորվեկիան:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէ՛ Հայաստանի նախագահը, եւ թէ՛ կառավարութիւնը որդեգրած են արտաքին առեւտուրի խթանման, Հայաստանի ապրանքներն ու ծառայութիւնները արտաքին շուկաներուն մէջ լայնօրէն ներկայացնելու, արտաքին շուկաներուն մէջ անոնց սպառման քանակը աւելցնելու քաղաքականութիւն:

Ան անդրադարձած է վերջին օրերուն ամէնէն աւելի տարածուած նիւթերէն մէկուն` հակամենաշնորհային քաղաքականութեան` շեշտելով, որ կառավարութիւնը որդեգրած է հակամենաշնորհային աշխուժ քաղաքականութիւն:

«Այս առումով, բնականաբար, մեծ են տնտեսութեան նախարարութենէն եղած ակնկալութիւնները, եւ մենք պիտի ապահովենք Հայաստանի մէջ մրցակցային հաւասար պայմաններ, պիտի չխորշինք, պիտի առճակատինք ոեւէ խումբի, անձի, առանձին պաշտօնեաներու հետ,  միայն թէ երկրին մէջ ապահովենք հաւասար վերաբերմունք եւ հաւասար պայմաններ: Ասիկա պիտի ըլլայ  մեր տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղուածութիւնը», նշած է Արծուիկ Մինասեան:

Անոր համաձայն, առաջին հանգրուանին այդ քաղաքականութիւնը պիտի կիրարկուի այն ապրանքներուն վրայ, որոնք հանրութեան կողմէ յաճախ կ՛ընկալուին իբրեւ մենաշնորհային կամ ոչ մրցակցային պայմաններ ունեցող: Հետագային, հակամենաշնորհային քաղաքականութեան պարունակին մէջ, պիտի աւելնան այլ ապրանքատեսակներ:

Նախարարը վստահեցուցած է, որ հակամենաշնորհային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք օտար ներածողներն ու արտածողները աւելի մեծ վստահութեամբ  ներդրումներ պիտի կատարեն Հայաստանի մէջ, քանի որ կառավարութիւնը որդեգրած է ներդրումային քաղաքականութեան խթանում:

«Ինծի համար` իբրեւ տնտեսութեան նախարար, տարբերութիւն պէտք չէ ըլլայ թէ ներդրումը օտա՞ր է, թէ՞ տեղական: Ինծի համար կարեւոր է երկու սկզբունքներու պահպանումը` ոեւէ ներդրող պէտք է ունենայ բացարձակ պաշտպանութիւն, վստահ պէտք է ըլլայ, որ իր սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորուած ու պաշտպանուած է Հայաստանի մէջ: Ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ թէ՛ տեղական, եւ թէ՛ օտար ներդրողներու մեծաքանակ հոսք ապահովելու Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

 

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Ընդունած Է Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Կը Սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.