Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Ընդունած Է Ամերիկացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու Պատուիրակութիւն Մը

Մայիս 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_52316

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 23 մայիսին ընդունած է Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար Ֆրետերիք (Պեն) Եոտճըսն ու Քանզասի Ազգային զօրամասի հրամանատար, ընդհանուր հրամանատար Լի Թաֆանելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի ընկերակցութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի նահանգին հետ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախարար Օհանեան կարեւոր նկատած է համագործակցութեան ծիրին մէջ կատարուող շարք մը նախագիծեր, մասնաւորապէս` փոխգործակցութեան մակարդակի բարձրացման նպատակներով միացեալ վարժանքները, արհեստավարժ յիսնապետներու համակարգի պատրաստութիւնը, միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն աջակցելու նպատակով Հայաստանի ստանձնած յանձնառութեամբ բժշկական եւ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու յայտնաբերման եւ վնասազերծման մասնագիտացուած ստորաբաժանումներու պատրաստութիւնը եւ այլն:

Զօրավար Եոտճըս ուրախութիւն յայտնած է անձամբ Երեւան գտնուելուն եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ քննարկումներ կատարելուն համար, մանաւանդ որ այս տարի արդէն առիթ ունեցած է տեսնելու Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական անձնակազմի տպաւորիչ մասնակցութիւնը Գերմանիոյ Հոհենֆելս քաղաքին մէջ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու «Միաձուլուած սուր» ռազմափորձին:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք համաձայնութիւն կնքուած է զարգացնելու Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային ջոկատի համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ` թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, եւ թէ՛ շրջանին մէջ այլ գործընկերներու հետ` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերուն մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած մարտական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող ներկայի իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն:

Ամերիկեան կողմը յայտնած է իր մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու զարգացման ընթացքին կողմերուն կրած մարդկային կորուստներուն գծով` նշելով, որ հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հոլովոյթին միջոցով տագնապի խաղաղ լուծման: Այցելութեան ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութիւնը մասնակցած է մարաջախտ Համազասպ Բաբաջանեանի արձանի բացման արարողութեան:

Նոյն օրը Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ վարկային համաձայնագիրով Ռուսիայէն ձեռք բերուելիք սպառազինութեան մէկ մասը արդէն պատրաստ է, եւ հայկական կողմը պիտի փորձէ զանոնք արագօրէն Հայաստան տեղափոխել:

«Մենք աշխատանք կը տանինք, համաձայնագիրին որոշ մասը արդէն իսկ կնքուած է, այսօր խումբերը կ՛աշխատին, համապատասխան համագործակցութիւն ձեւաւորուած է: Այսօր քայլերու կը ձեռնարկուին, որպէսզի արագ կերպով իրականացնենք աշխատանքները: Այդ միջոցներուն որոշ մասը արդէն պատրաստ վիճակի մէջ է, եւ մենք կը փորձենք արագ տեղափոխել Հայաստան», յայտնած է նախարարը: Ան չէ ուզած  խօսիլ յստակ ժամկէտի մասին:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ Կը Պահանջէ Հայաստանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկել

Յաջորդը

«Մենք Հայաստանի Մէջ Պիտի Ապահովենք Մրցակցային Հաւասար Պայմաններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?