Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

May 30, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13296125_10153475832916556_1577983925_n

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 24-րդ տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Արցախի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Կարինէ Շատոյեան: Ան իր խօսքը սկսաւ ըսելով, որ հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ պայքար մղած է պաշտպանելու համար Ցեղասպանութենէն ետք իրեն մնացած բուռ մը հողը, ինչպէս նաեւ ժրաջան աշխատանք տարած է պահպանելու իր մշակոյթը, սովորութիւններն ու ինքնութիւնը: Շատոյեան աւելցուց, որ Վիգէն Զաքարեան 24 տարիներ առաջ, մէկդի ձգելով վայելքները, ընտանիքը, ընկերներն ու սիրելիները, մեկնեցաւ Արցախ` ազատագրելու համար այն հողամասը, ուր դարեր շարունակ հայ ծերունին իր քրտինքով ոռոգած էր եւ ծաղկեցուցած: Կարինէ Շատոյեան ըսաւ. «Մենք կը հպարտանանք ընկեր Վիգէնով եւ իւրաքանչիւրս կ՛ապրինք անոր ոգիով, որ տակաւին կը բոցավառէ բոլորիս մէջ»: Ան իր խօսքը փակեց հետեւեալ տողերով. «Կ՛ուխտենք մնալ հաւատարիմ մեր հայրենիքին ու մեր դատին եւ շարունակել մեր ընթացքը ընկեր Վիգէնին բռնած ուղիով»:

Բացման խօսքէն ետք, ջութակով ելոյթ ունեցաւ «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Շնորհք Ճերճեան: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր կազմակերպիչ մարմինին կողմէ` Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 24-րդ տարելիցին առիթով:

13293347_10153475833386556_2068901237_n13342263_10153475832786556_1400981887_nՏեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Համբիկ Պիլալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ակնարկ մը նետեց նահատակ ազատամարտիկին կենսագրութեան վրայ: Պիլալեան ըսաւ. «Վիգէն Զաքարեան կրցած էր լաւապէս ըմբռնել, որ ծառայասիրութիւնը, նուիրումն ու զոհողութիւնը դաշնակցական երիտասարդին կոչումն է, ինչպէս նաեւ` սրբազան պարտքը, եւ այդ կոչումէն մեկնած, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իր ժողովուրդին կողքին կանգնելէ ետք, մեկնեցաւ Արցախ, որպէսզի անմասն չմնայ իր պապերու հողին վրայ տեղի ունեցող ազատագրական պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելէ»: Համբիկ Պիլալեան յայտնեց. «Ան (Վիգէն Զաքարեան) հագաւ իր երազած ազատամարտիկի տարազը, իր ուսերուն կրեց զէնքն ու փամփուշտը, ժպիտ ու եռանդ փոխանցեց իր շրջապատին` արցախցիին, տէր դարձաւ իր ընկերներուն, թեւ ու թիկունք եղաւ իր առաջնորդներուն, մասնակցեցաւ բազում մարտերու եւ Լիսագորի վեհափառ լեռներու լանջին ինկաւ հերոսաբար, ժպիտը դէմքին, անխռով եւ իր պարտքը կատարածի գոհունակութեամբ»: Պիլալեան եզրափակեց իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, եւ նշելով, որ պէտք է քաջ գիտնանք, որ մեր սուրբ նահատակներուն շնորհիւ է, որ մենք կը գտնուինք հոս եւ կ՛ապրինք անկաշկանդ»:

13318459_10153475833466556_83882072_n

Բանախօսութենէն ետք նահատակ Վիգէն Զաքարեանին նուիրուած փունջ մը երգերով հանդէս եկաւ Արմիկ Աբրահամեան: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ նահատակ ազատամարտիկին մայրը, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին կողմէ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Նախորդը

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Մոկերինի. «Լիբանան Չի Կրնար Նախագահական Թափուր Աթոռով Շրջանային Տագնապներուն Լուծման Սպասել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.