Շաբաթ, 21 մայիսին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: