Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` հինգշաբթի, 26 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ հայ երգարուեստի երիտասարդ ու տաղանդաւոր երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի առաջին խտասալիկի շնորհահանդէսը:



Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին խմբավարներ Գրիգոր Ալլոզեան եւ Պարգեւ Թասլաքեան երիտասարդ հեղինակը` Աշոտ Բագրատունի, արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
«Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը վկայ է, որ մենք կը նկատուինք այն առաջին ժողովուրդներէն, որոնք երգով արտայայտեր են իրենց զգացումները եւ ապրումները», ըսաւ Կարպիս Գապասաքալեան իր բացման խօսքին մէջ:
«Գուսան» երգչախումբի խմբավար Գրիգոր Ալլոզեան ներկայացուց երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, հայրենի երգահան Գէորգ Մանասեանը եւ «Վարդ մը գետինը» բանաստեղծութեան հեղինակ Աշոտ Բագրատունին:
«Շողիկին ձայնը աստուածատուր ձիրք է», ընդգծեց Ալլոզեան` յետադարձ հակիրճ ակնարկով նշելով արուեստագէտին ցարդ արձանագրած իրագործումները երգարուեստի մարզին մէջ: Ան իր խօսքը եզրափակեց Վահան Թէքէեանի «Ինչ որ տուի ուրիշին…» բանաստեղծական տողերով»:
Նմանապէս, «Ֆայհա» երգչախումբի խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան բարձր գնահատեց Շողիկ Թորոսեանի ձայնային հանճարը: «Ամէն մարդ արուեստագէտ է ինք իրեն համար, սակայն իրա՛ւ արուեստագէտը այն է, որ ուրիշին հաճոյք կը պատճառէ», շեշտեց Թասլաքեան` ընդգծելով, որ երաժշտութիւնը կը կոչուի արուեստներու արուեստ` հիմնաւորելով իր վարկածը:
Ան դիտել տուաւ, որ արուեստագէտ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ մասնագէտ, փորձառու եւ լաւատեղեակ ու գիտութիւն ամբարած ըլլալ երաժշտական մարզին մասին: Խմբավար Թասլաքեան նմանապէս մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ երգահանին` Գէորգ Մանասեանին եւ «Վարդ մը գետին» երգի բառերու հեղինակ Աշոտ Բագրատունիին մասին: Թասլաքեան անդրադարձաւ նաեւ երգի ու խտասալիկի գեղարուեստական ոճին` դրուատելով նաեւ երաժշտագէտ Ճօ Պարուտճեանը, որուն գործակցութեամբ կատարուած է խտասալիկի ձայնագրութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ երիտասարդ հեղինակ Աշոտ Բագրատունի, որ տպաւորիչ ոճով նշեց «Վարդ մը գետինը» բանաստեղծութեան ստեղծագործութեան խթան հանդիսացած շարժառիթը: Ներբողելէ ետք վարդին հմայքն ու գեղեցկութիւնը, «ուզեցի մերժուած սիրոյ գետին նետուած այս վարդին մէջ վերակենդանացնել գեղեցկութիւնը եւ յաւերժացնել զայն», ընդգծեց Աշոտ Բագրատունի: Այս առիթով ան իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց իր մանկութեան յաճախած ազգային դպրոցին, ուսուցիչներուն ու յատկապէս իր հօրը` նախկին ուսուցիչ, տնօրէն, այժմ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ մօրը` ուսուցչուհի Անի Բագրատունիին, որոնք տունը դպրոցի վերածած` ազգային դաստիարակութիւն ջամբած են իրեն:

Իր կարգին, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ երգչուհին ի՛նք` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկը իրականացուցած եւ անոր յաջողութեան նպաստած` նախ իր ընտանիքին եւ ապա իր մեծ ընտանիքին` Համազգայինին, նաեւ գործօն դերակատարութեամբ ձեռնարկը կազմակերպած Յակոբ Հաւաթեանին: Ապա ան ներկաներուն շնորհեց իր նորագոյն այս երգի ունկնդրութիւնը ըմբոշխնելու վայելքը` հմայելով բոլորը:

Աւարտին Համազգայինի հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր սրտի խօսքը` նշելով, որ համեստ պայմաններու մէջ ստեղծագործուած այս իրագործումը արգասիքն է արուեստի եւ ստեղծագործութեան: «Դպրոցը, ընտանիքը, Համազգայինը այսօր տողընդմէջ տողանցեցին հոս, ու եթէ այս բոլորը չըլլային, մենք այսօր այստեղ այս մեծ հարստութիւնը պիտի չվայելէինք», ընդգծեց Հաւաթեան` մաղթելով, որ մեր մշակոյթի գործիչները նուիրեալները շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ պահեն այս գաղութին յառաջատար դիրքը նաեւ մշակութային մարզին մէջ:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի ընթացքին երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան իր խոր ուրախութիւնը յայտնեց իր այս առաջին խտասալիկի հրապարակման առիթով, որ յատուկ պատրաստուած է Աշոտ Բագրատունիի հեղինակած` «Վարդ մը գետինը» քերթուածին համար: Աւելի քան տարի մը բառերը սերտած ու ի վերջոյ երգահան Մանասեանին հետ յանգած են այս քերթուածը յաւերժացնելու գրականին կողքին նաեւ մշակութային, երաժշտական երանգ տալու նախաձեռնութեան:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը խտասալիկի պատրաստութեան մասին, ուր հայրենի արուեստագէտ, երգահան Գէորգ Մանասեան խոր հիացմունքով դրուատեց Շողիկ Թորոսեանի երաժշտական հանճարը եւ հեղինակ Աշոտ Բագրատունիի գրական ձիրքը:
Աւարտին երգչուհին մակագրեց իր խտասալիկը: