
Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընկերակցութեամբ դեսպանատան խորհրդական Աշոտ Վարդանեանի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին հետ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն, լիբանանահայ գաղութը յուզող հարցերուն եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը սերտացնելու անհրաժեշտութեան մասին:


