
Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուին սպառողներու համար կարեւոր 10 ապրանքներու ներածման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերու ցանկերը: 26 մայիսի կառավարութեան նիստին այս մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: Այդ փաստաթուղթերով ապրանքներ ներածել պիտի կարենայ ոեւէ ձեռներէց:
«Այդ ապրանքներն են կարագն ու արեւածաղիկի ձէթը, ալիւրն ու հացահատիկը, շաքարը, հաւի միսը, պանանն ու նարինջը, պենզինը եւ տիզելը: Տնտեսութեան նախարարութիւնը առայժմ կը սահմանափակուի այս ապրանքներով, որոնք սպառողներուն համար ներմուծուող կարեւորագոյն ապրանքներ կը նկատուին: Բոլոր փաստաթուղթերուն հրապարակման համար ժամանակ կը պահանջուի, քանի որ իւրաքանչիւր ապրանքի համար կան քանի մը տարբեր ընթացակարգեր, ըստ առեւտուրի դրութեան: Հայաստանի արտաքին առեւտուրը կը բաժնուի երեք մասերու` երրորդ երկիրներ առանց կանոնակարգման առանձնայատկութիւններու, երրորդ երկիրներ` ազատ առեւտուրի մասին պայմանագիրներով ու կանոնակարգման առանձնայատկութիւններով եւ վերջապէս` Եւրասիական միութեան երկիրներ», յայտնած է նախարարը:
Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ եւս կայ երկու ցանկ. առաջինը` ապրանքներ ոչ զարգացած երկիրներէ, արտօնեալ դրութեամբ, երկրորդը` ապրանքներ զարգացող երկիրներէ, ուր կը կիրարկուին արտօնեալ տուրքեր:
Մինասեանի համաձայն, հաշուի առնելով փաստաթուղթերուն մեծ քանակը, սկիզբը պիտի հրապարակուի միայն 10 ապրանքներու վերաբերողը, բայց նախարարութիւնը հետագային պիտի հրապարակէ նաեւ սպառողական զամբիւղի մնացած ապրանքներուն վերաբերող փաստաթուղթերը:
Նշուած 10 ապրանքներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերու ցանկերը ուղարկուած են Պետական եկամուտներու կոմիտէ ու Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութիւն` անոնց համաձայնեցման համար: Մինչեւ շաբթուան աւարտը փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին www.mineconomy.am կայքին վրայ: Բացի անկէ, պիտի մշակուի ծրագրային ապահովում, որով տնտեսութեան նախարարութեան կայքին վրայ կարելի պիտի ըլլայ որոնել ապրանքին քոտը, ըստ արտաքին տնտեսական գործունէութեան անուանացանկին:


