Գլխաւոր լուրեր

Մինսքի Խմբակը Կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադուլի  Պահպանման Ռոյս-Էնկել Առաջարկներուն

Մինսքի Խմբակը Կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադուլի Պահպանման Ռոյս-Էնկել Առաջարկներուն

Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վերջնական նպատակը եւ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին երկարատեւ լուծումն է: «Զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը մեծ մտահոգութեան առիթ են մեզի համար: Նախորդ տարուան յունուարին արձանագրուած բախումները մրցանշային էին զինադուլի կնքումէն ի վեր: Ամէնէն մտահոգիչը խաղաղ բնակչութեան կրած կորուստներն...

Նոր Նորքի Մէջ ՀՅԴ Նորաբաց  Կեդրոն` Նիկոլ Դումանի Անունով

Նոր Նորքի Մէջ ՀՅԴ Նորաբաց Կեդրոն` Նիկոլ Դումանի Անունով

Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի Նանսենի փողոցին վրայ գտնուող Դաշնակցութեան տարածքային նորաբաց կեդրոնը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն կուսակցութեան աշխատանքներու կազմակերպման, այլ նաեւ երիտասարդներու միաւորման կեդրոն: 1989 թուականին Նոր Նորքի մէջ կազմուած կուսակցական միաւորը կը կրէ հայկական ազատագրական պայքարի հերոս Նիկոլ Դումանի անունը, որ նաեւ տրուեցաւ նորաբաց կեդրոնին: Նորաբաց գրասենեակը վերանորոգուած է ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէութեան, Երիտասարդական միութեան եւ Հայ օգնութեան...

Ակնարկ.  Եւրոպայի Ահաբեկչական «Գարուն»-ը

Ակնարկ. Եւրոպայի Ահաբեկչական «Գարուն»-ը

Երէկ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Եւրոպայի մայրաքաղաքը ցնցած ահաբեկչական արարքներու շարքին վրայ: Ամբողջ Եւրոպային ուղղուած ահաբեկչական արարքներուն շարժառիթները կարելի չէ միանշանակօրէն բանաձեւել` իրենց բոլոր հետապնդած նպատակները միանշանակ նշելով: ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամէնէն բիրտ պատերազմը այս օրերուն կը տարուի սուրիական տարածքներու վրայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեամբ, Եւրոպայի երկրորդական մասնակցութեամբ, սակայն հարուածուողը նախ եւ առաջ այս տարողութեամբ Եւրոպան է: Արդէն պարզ է, որ խնդիրը սոսկ...

Դատապարտագիր

Դատապարտագիր

Երէկ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը հետեւեալ դատապարտագիրը հրապարակեցին Պրիւքսէլի մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն առիթով. ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ աշխատակիցները, Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբը խորապէս ընդվզած են Պրիւքսէլի եւ Զաւենթեմի միջազգային օդակայանի այսօրուան ահաբեկչական ցաւալի յարձակումներէն: Ապահով ենք, սակայն վրդոված: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնեցին եւ զօրակցական պատգամներ ուղարկեցին: Կը ցաւակցինք...

Դաւիթ Լոքեան Հանդէս Եկած Է Դասախօսութեամբ`  Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Գործնական  Վարժութիւններու Հաւաքի Ժամանակ

Դաւիթ Լոքեան Հանդէս Եկած Է Դասախօսութեամբ` Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Գործնական Վարժութիւններու Հաւաքի Ժամանակ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2016-ի  պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն, 21 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ սկսած են զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործնական վարժութիւններու հաւաքները, որոնք նպատակ ունին կատարելագործել հրամանատարներու եւ անոնց զօրքերու տեսական եւ գործնական ունակութիւնները, ռազմավարական եւ գործնական-մարտավարական օղակներու կառավարման մարմիններու ներդաշնակութեան աստիճանը, բարձրացնել զինուած ուժերու ղեկավար կազմի մասնագիտական պատրաստութեան մակարդակը: Երէկ, հերթական գործնական վարժութիւններու հաւաքին ընթացքին,...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պետական  Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է  Շարք Մը Բարերարներու

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Բարերարներու

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու  ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ բարեգործական աշխուժ գործունէութեան համար, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմինի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շարք մը անհատ բարերարներ պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւներով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: «Հայրենիքին մատուցած...

Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով`  «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան»  Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով` «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան» Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներէն Պարգեւ...

Նախագահ Սարգսեան. «Տարեվերջին  Զինուած Ուժերը Ստացան Որակապէս  Նոր Սպառազինութիւն Եւ Հետագայ  Մատակարարման  Երաշխիքներ»

Նախագահ Սարգսեան. «Տարեվերջին Զինուած Ուժերը Ստացան Որակապէս Նոր Սպառազինութիւն Եւ Հետագայ Մատակարարման Երաշխիքներ»

Հայաստանի նախագահ, բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 21 մարտին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ներկայ գտնուած է Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործնական հաւաքներու սկիզբին, որուն մասնակցած են բանակի բոլոր զօրամիաւորումներու հրամանատարները, ղեկավարման մարմինները, զօրատեսակներու ծառայութեան պետերը, ուժային կառոյցներու ղեկավարութիւնը, ռազմական հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները: Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին...

Արցախի Մէջ.  Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով  Ստեղծուած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու  Մասնագիտական Յանձնախումբ

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով Ստեղծուած Է Սահմանադրական Բարեփոխումներու Մասնագիտական Յանձնախումբ

Նախագահ Բակօ Սահակեան 21 մարտին ստորագրած է հրամանագիր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելու մասին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` նախագահը որոշում տուած է` մեկնելով իրաւունքի գերակայութեան եւ ժողովրդաիշխանութեան սկզբունքներու գործադրման կառուցակարգերը բարելաւելու, իշխանութեան ճիւղերու լիազօրութիւններու հաւասարակշռումը կատարելագործելու, հանրային կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութենէն ու հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ...

Լեւոն Մկրտչեան Հանդիպում  Ունեցած Է Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Լեւոն Մկրտչեան Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իվան Վոլինքինը: Ողջունելով դեսպանը` նախարարը նշած է, որ Ռուսիոյ հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները իրենց արտացոլումը գտած են նաեւ կրթութեան մարզին մէջ: «Մեր հանրապետութեան համալսարանական համակարգին մէջ աւելի քան մէկ տասնամեակ գործող Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանը կարեւոր դեր ունի, իսկ մէկ տարիէ ի վեր կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով   Պարգեւատրեց Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը

Երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, միաբան հայրերու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան անդամներու եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ցեղասպանագէտ եւ սփիւռքագէտ Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը: Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հակիրճ կերպով ներկայացուց փրոֆ. Տապպաղի կենսագրականը, գործունէութիւնն ու լոյս ընծայած աշխատասիրութիւնները: Վեհափառ...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի  Շէնքերուն Կից Գտնուող  Խաղավայրը Նորոգելու Ծրագիր

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Շէնքերուն Կից Գտնուող Խաղավայրը Նորոգելու Ծրագիր

  Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ` ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն, ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով նախաձեռնած է նորոգել Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող խաղավայրը եւ զայն վերածել հանրային պարտէզի: Երէկ կէսօրին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման,...

Սիրելի՛ Մայրեր. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Շնորհաւորէ

Սիրելի՛ Մայրեր. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Շնորհաւորէ

Սիրելի՛ մայրեր Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Մայրերու տօնի առիթով: Պատահական չէ, որ Մայրերու տօնը կը զուգակցի գարնան առաջին (գիշերահաւասարի) օրուան հետ` խորհդանշելով կեանք պարգեւելու ձեր ամենակարեւոր առաքելութեան մասին: Այս տօնը եւս մէկ առիթ կ’ընձեռէ գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքեր յղելու ձեզի եւ արժեւորելու ձեր բացառիկ դերը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան բոլոր բախտորոշ պահերուն հայ կինը առանձնացած է իր...

Րաֆֆի Համբարեան Նշանակուած Է  Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ

Րաֆֆի Համբարեան Նշանակուած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ նշանակուած է Րաֆֆի Համբարեան: Յանձնախումբի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ յանձնախումբի նախկին նախագահ Քեն Խաչիկեան կը շարունակէ գործել խորհուրդի կազմին մէջ եւ կը զբաղի համայնքային գործունէութեամբ: Քեն Խաչիկեան ողջունած է Րաֆֆի Համբարեանի թեկնածութիւնը: «Ինծի համար մեծ պատիւ էր 15 տարիներու ընթացքին յանձնախումբի կառավարման խորհուրդին եւ անձնակազմին, այդ ընթացքին նաեւ Րաֆֆիին հետ աշխատիլ», նշած է Խաչիկեան:...

Հազարաւոր Ծաղկազարդող Մանուկներու Ներկայութեամբ.  Քրիստոսի Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հազարաւոր Ծաղկազարդող Մանուկներու Ներկայութեամբ. Քրիստոսի Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքի Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 20 մարտ 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարն ու անոր շրջափակերը ողողուած էին հազարաւոր մանուկներով, որոնք իրենց ծաղկազարդող ներկայութեամբ մասնակից դարձան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնի յիշատակութեան` եկեղեցական արարողութեանց ու աւանդական մանուկներու թափօրին: Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Միաբան հայրերէ, դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ կազմուած Ծաղկազարդի թափօրը դարձաւ վանքի շրջափակին մէջ: Թափօրի...

Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր  Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով.  Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ  Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը

Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով. Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը

Նուագակցութեամբ էսթրատային եւ ժողովրդային զոյգ նուագախումբերուն, Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող «խենթերուն» ջանքերով (ինչպէս ակնարկեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը), «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը անգամ մը եւս ելոյթ ունեցաւ կիրակի, 20 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ, ի յիշատակ մեծանուն երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին, որ ապացոյցը հանդիսացած է Հայաստան-սփիւռք անքակտելի կապին: Ելոյթը ունէր իւրայատուկ յայտագիր` ընդգրկելով Խաչատուր...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Ու ՄԱԿ-ի  Բարգաւաճման Ծրագիրին Յառաջացուցած  «Միաձայն Երգչախումբ»-ին  Անդամները Նշեցին Մայրերու Տօնը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Ու ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրին Յառաջացուցած «Միաձայն Երգչախումբ»-ին Անդամները Նշեցին Մայրերու Տօնը

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, եւ գործակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան, շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան յատուկ տօնակատարութիւն մը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանն ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը ամիսներ առաջ նախաձեռնած էին շրջանին բնակիչներէն բաղկացող մանկապատանեկան երգչախումբի մը կազմութեան, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի: Երգչախումբը,...

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ,  Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ, Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու ընթացքին ունեցաւ հարցազրոյց մը` Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին: Պուրճ Համուտի աղբանոցին եւ գետեզերքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ այսօրուան դրութեամբ այդ շրջանները Լիբանանի լքուած շրջաններուն հետ բաղդատելու ըլլանք, ապա դժբախտաբար անոնք ամէնէն վատ շրջաններէն են: «Քանի...

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը  Իր Տեսակէտները Չէ Փոխած Եւ Պիտի Չփոխէ»

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Իր Տեսակէտները Չէ Փոխած Եւ Պիտի Չփոխէ»

18 մարտին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, նոր Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին վերաբերեալ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով յայտնած է, որ ծուղակներ չի տեսներ հոն, եւ կան առնուազն չորս դրոյթներ, որոնք ակնյայտ կը դարձնեն այն, որ ընտրական համակարգը պիտի բարելաւուի: Առաջինը մեծամասնական ընտրակարգի վերացումն է, երկրորդը` ժողովրդավարական դարձնել այն հասկացութիւնը, որ կը վերաբերի...

Page 709 of 795 1 … 708 709 710 … 795

Արխիւներ