Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Կը Դատապարտէ
2 ապրիլին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ անդրադարձած է 1-2 ապրիլի լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններուն: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով իրականացուող նախայարձակ գործողութիւնները, ուղղուած` նաեւ բնակավայրերու եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ: «Մեր աղօթքը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք...




















