Երկու օրէ ի վեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Նոր Գիւղը, յատկապէս «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցը՝ այժմու Հայ Ծերանոցը։ Մեր տեղեկութիւնները ստանալով Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանէն իմացանք, որ Քիչ առաջ հրթիռ մը ինկած է Ծերանոցի շէնքին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է Ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեաներէն Մարալ Քիւլիկեան։ Վիրաւորուած են երկու հայորդիներ՝ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Ծերանոցի խնամակալ Ժագ Հատտատ։ Վիրաւորներուն պարագան մտահոգիչ չէ։
Կառոյցը լուրջ վնասներ կրած է վերջին օրերու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով։
Դէպքերէն անմիջապէս ետք, Նոր Գիւղի հայ տղաքը փութացած են օգնութեան։ Ապահովական նկատառումներով Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները տեղափոխուած են շէնքի ներքնայարկը։