
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի փոխնախագահ Էտելկարտ Պուլմահն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Պունտեսթակի կողմէ 2 յունիսին քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կարեւոր է դաժան ոճրագործութեան վերաբերեալ յիշողութիւնը վառ պահելու համար:
«Այս բանաձեւին մէջ նախ եւ առաջ պիտի դատապարտուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ այլ ազգերու դէմ կատարուած տեղահանումները, ջարդերն ու բռնութիւնները: Մենք կը կարծենք, որ նախ եւ առաջ կարեւոր է այդ յիշողութիւնը վառ պահելու հարցը: Ուստի այս բանաձեւին մէջ պիտի յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, բացի ատկէ պիտի դատապարտենք այն տխրահռչակ դերը, որ ունեցած է Գերմանիան, այն ժամանակ ըլլալով Թուրքիոյ դաշնակիցը եւ չկանխարգիլելով ոճրագործութիւնը», ըսած է Պունտեսթակի փոխնախագահը:
Խօսելով իր երկրին ու ժողովուրդին Ողջակիզման ճանաչման հետ կապուած փորձառութեան մասին` ան նկատել տուած է, որ պատասխանատուութեան ստանձնումը կը նշանակէ զայն սերունդներուն փոխանցելու պարտաւորութիւն: «Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը այն մարդոց, որոնք համարձակօրէն կ՛առերեսուին իրենց պատմութեան եւ քննադատական մօտեցում կը ցուցաբերեն այն ժամանակուան կառավարութեան արարքներուն նկատմամբ», ըսած է Պուլմահն:
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը աւելցուցած է, որ իրենք կ՛ուզեն պատասխանատուութիւն ստանձնել հայ եւ թուրք հասարակութիւններուն յարաբերութիւնները սերտացնելու, անոնց միջեւ երկխօսութեան եզրեր գտնելու իմաստով, որպէսզի միասնաբար առերեսուին իրենց պատմութեան:
Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը 24 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի ընկերակցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Գերմանիա Բացասական Ելքի Մը Հո՞ղ Կը Պատրաստէ

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այնպէս կը թուի, թէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր 2 յունիսին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քուէարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդառաջ` բացասական արդիւնքի մը հող կը պատրաստէ: Արդարեւ, ան յայտարարած է, թէ շատ լաւատես չէ՛ այդ առնչութեամբ:
Գերմանիոյ խորհրդարանի Ձախերու խմբակցութեան երեսփոխան Ուլա Ելփքէ` ընդառաջելով «Նիուզ»-ի խնդրանքին, մեկնաբանած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին վերոնշեալ յայտարարութիւնը: Ելփքէ ըսած է. «Զայրացնող է, որ նման բան ըսէ Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչը (Շթայնմայեր): Յայտնի է, թէ ան ինքնիրեն թոյլ կու տայ Էրտողանի ճնշումին տակ մնալ: 2 յունիսին Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկումներուն ընթացքին, մենք Շթայնմայերէն այդ առնչութեամբ հաշիւ պիտի պահանջենք», ըսած է Ելփքէ:
Նշենք, որ այս հարցը Թուրքիան բաւական խուճապի մատնած է: Որոշ աղբիւրներու համաձայն, վարչապետ Տաւութօղլու, նախքան հրաժարիլը, այս հարցին կապակցութեամբ օրական հինգ անգամ կը հեռաձայնէր Գերմանիոյ իր պաշտօնակից Անկելա Մերքելին:


