ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմին. Պարգեւատրման Հանդիսութիւն` «Արցախ. Ինքնութիւն Եւ Գոյացութիւն» Փաստագրական Ժապաւէնի Հեղինակ Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2016 երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ. ինքնութիւն եւ գոյացութիւն» փաստագրական ժապաւէնի հեղինակ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թահքիք» յայտագիրի բեմադրիչ եւ հաղորդավար Քլոտ Ապի Նատեր-Հընտիի պարգեւատրման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս...




















