Դպրեվանքը Երաժշտութեան Ընդմէջէն Փակման Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու, ծնողներու եւ դպրեվանասէրներու կիրակի, 12 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին 86-րդ ամավերջի հանդէսը: Հանդիսութեան ընթացքին, երաժշտասէր բազմութեան դիմաց դպրեվանեցիներ ելոյթներով հանդէս եկան: Անոնք խմբային եւ անհատաբար նուագեցին դաշնակ, տուտուկ եւ կիթառ: Այս առիթով, դպրեվանքի «Արմաշ»...




















