Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փոփոխութեան Զուգահեռ` Հակառակ Ուղղութեամբ

Օգոստոս 5, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Agnarg1_80416

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ  սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգով կ՛առաջարկուի նախագահական կառավարման ձեւ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ 30 յուլիսին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէ բաժիններէ: Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը ներկայացուած հայեցակարգի, մասնաւորապէս կառավարման համակարգի տարբերակին նկատմամբ, կը տեղեկացնենք, որ մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ առաջարկուած է նախագահական կառավարման ձեւ: Հայեցակարգը հանրապետութեան նախագահին կողմէ հաւանութեան արժանանալու պարագային մասնագիտական յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները` սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին վրայ:

Լրատուութիւնը մեկնաբանական չէ եւ պարզապէս կը վերաբերի Սահմանադրական փոփոխութեան ընթացակարգի լուսաբանման: Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը տակաւին չէ հրապարակուած, հետեւաբար իրաւաբանական քննարկումները առայժմ կը մնան փակ, եւ Արցախի հանրութիւնը պէտք է սպասէ իմանալու համար նոր առաջարկներու առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները` կարենալ դիրքորոշուելու համար:

Միայն հաստատումը, թէ Արցախի Հանրապետութեան կառավարումը կիսանախագահականէն պիտի անցնի նախագահական, տեղի կու տայ մեկնաբանութիւններու, հարցադրումներու եւ որոշակի առումով նաեւ մտահոգութիւններու:

Պէտք է անմիջապէս յիշել, որ Արցախի կառավարման դրութիւնը խորհրդարանականէն անցած է կիսանախագահականի եւ այժմ կայ առաջադրանք անցնելու նախագահական: Եթէ զուգահեռ փորձենք գծել Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ապա գերագոյն խորհուրդ, որ խորհրդարանական համակարգի համազօր էր, ապա նախագահական, ապա կիսանախագահական եւ այժմ խորհրդարանական:

Համեմատած Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ուրեմն Արցախը փոխան նախագահականէն կիսանախագահականի անցնելու, սահմանադրականօրէն կ՛ընտրէ հակառակ ուղղութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու քննարկումներուն տեսակէտ հնչած էր, որ Հայաստանի նման կիսապատերազմական վիճակով երկրի մը պարագային աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնը կեդրոնացած պահել նախագահին մօտ, որ ի պահանջել հարկին պիտի շարժէր արագ, որոշում կայացնէր եւ զինուորական ոլորտի համարժէք կշռոյթով գործողութիւնները ղեկավարելու հրամանները տար: Մինչ, խորհրդարանական համակարգի պարագային վարչապետը պատերազմ յայտարարելու տարողութեամբ որոշումները անհրաժեշտ էր, որ արժանացնէր խորհրդարանի վաւերացումին:

Հակափաստարկը անմիջապէս այն էր, որ ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ կը կազմակերպուէին եւ փայլուն կատարողականութիւն կ՛ունենային, երբ Արցախը խորհրդարանական համակարգով կը ղեկավարուէր, եւ միանձնեայ որոշումի կեդրոն չկար այդ օրերուն: Ուրեմն կիսապատերազմական կամ պատերազմական իրավիճակները  այդ տրամաբանութեամբ չեն կրնար ազդել բանակի ազդեցիկութեան, մարտունակութեան եւ արագակշռոյթ աշխատելուն վրայ:

Եթէ ընդունինք Արցախի օրինակին տրուած այս տրամաբանութիւնը, ուրեմն պատերազմական գործողութիւններու լոյսին տակ չենք ընկալեր երկրի կառավարման համակարգի մը որդեգրման դիտանկիւնները: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ գուցէ այլ շարժառիթներ գոյութիւն ունին սահմանադրական փոփոխութիւններու երթալու անհրաժեշտութիւնը որդեգրելու որոշումին մէջ: Ի վերջոյ քառօրեայ պատերազմին կիսանախագահական դրութեամբ ըլլար Արցախի կառավարման համակարգը թէ նախագահական, գործնապէս ի՛նչ տեսակի տարբերութիւններ` երանգային թէ ակներեւ, նկատուած պիտի ըլլային:

Ռազմականէն փորձենք տեղափոխուիլ քաղաքական դաշտ եւ նկատել, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրինակին զուգահեռումն է տեղի ունեցածը` Սահմանադրութեան փոփոխութեան առումով, ապա հետեւիլը միայն փոփոխութեան վրայ կը կեդրոնանայ եւ կ՛ընտրէ տրամագծօրէն ճիշդ հակառակ ուղղութիւնը: Չմոռնանք, որ հայաստանեան տարբերակի հիմնաւորումներուն կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր միանձնեայ որոշումի կեդրոնը հաւաքականացնելու եւ երկիրը առաջնորդելու դէպի յաւելեալ ժողովրդավար կարգեր: Եւ այս պարագային ամէնէն կարեւորը` վերպետական որեւէ միութեան մասնակցելու որոշումը նոյնիսկ խորհրդարանը չէր կրնար կայացնել, այլ պէտք էր կազմակերպել հանրաքուէ:

Կը մօտենանք բուն խնդիրին. հանրային մտահոգութիւն է այսօր արցախեան բանակցութիւններու գերաշխուժ վիճակը, ռուսական միջնորդութեան տեսանելիութիւնը, քառօրեայէն ետք քազանեան փաստաթուղթի  կամ լաւրովեան ծրագիրի հոլովումը: Այս մտահոգութիւնները փարատելու համար էր, որ նախագահը իր վերջին ուղերձին մէջ երեք անգամ բառացի շեշտեց Արցախի վերադարձը Ազրպէյճանի կազմին բացառելը: Իրաւամբ նաեւ  հայկական կողմը անվերջ կը շեշտէ, որ չի կրնար գոյանալ որեւէ համաձայնութիւն, առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան եւ համամտութեան:

Փոխզիջումնային լուծման Արցախի համաձայնութիւն տալը նոր Սահմանադրութեամբ կրնա՞յ տեղաւորուիլ գերնախագահական լիազօրութիւններով ղեկավարուող հանրապետութեան թիւ մէկ ղեկավարի իրաւասութիւններուն մէջ: Թէ՞ ոչ նման համաձայնութիւն մը տալու համար նախագահը պարտաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպելու ժողովրդային հանրաքուէ:

Այս հարցումին պատասխանը, որ  միանշանակ եւ արագ ըլլալու հաւանականութիւնը չունի, թէականօրէն կրնայ լոյս սփռել ներկայ ժամանակահատուածին Արցախի կառավարման համակարգը կիսանախագահականէն նախագահական անցընելու պետական որոշումին վրայ: Բայց ասիկա տակաւին իր եզրակացութիւնը չունեցող ենթադրութիւն է:

«Ա.»

Նախորդը

Պաշտօնանկութիւններ Ու Պաշտօնէ Հրաժարումներ` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Ռիօ-2016. Մայքըլ Ֆելփս` Միացեալ Նահանգներու Դրօշակակիրը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?