Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Նիստը Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերուն Կը Փոխանցէ Ծերակոյտ Մը Հիմնելու Եւ Համայնքային Դրութենէ Դուրս Խորհրդարան Մը Ընտրելու Կարելիութիւնը Սերտելու Աշխատանքները

Օգոստոս 5, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar3_80416

Ազգային երկխօսութեան նիստը երէկ աւարտեց իր աշխատանքները` յաջորդ նիստ մը ճշդելով երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2016-ին:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ շարունակուեցաւ Ծերակոյտ մը հիմնելու եւ ընտրական օրէնք մը մշակելու կարելիութիւններուն քննարկումը:

Այս շրջագիծին մէջ Ազգային երկխօսութեան նիստը խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն փոխանցեց Ծերակոյտ մը հիմնելու եւ համայնքային դրութենէ դուրս խորհրդարան մը ընտրելու կարելիութիւնները սերտելու աշխատանքը:

Երկխօսութեան երրորդ նիստին  մասնակցեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ընկերակցութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ղազի Արիտի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, ընկերակցութեամբ` Հասան Համատէի, Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, ընկերակցութեամբ` Ալի Քանսոյի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ահմետ Քարամէի, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ընկերակցութեամբ` Ժաուատ Պուլոսի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Ալի Ֆայեատի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Էլի Մարունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ,  իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային երկխօսութեան նիստին ներկայացուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

Նիստին ընթացքին Պըրրի մաղթեց, որ երկխօսութիւնը ըլլայ արդիւնաւէտ:

Նիստէն ետք նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ նիստը եղած է նախորդներուն շարունակութիւնը` աւելցնելով, որ քննարկուած են Ծերակոյտին եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Թալալ Արսլան յայտնեց, որ մինչեւ 5 սեպտեմբեր պիտի կատարուին խորհրդակցութիւններ` երկխօսութեան մաս կազմող քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ:

Ղազի Արիտի դրուատեց եռօրեայ նիստերուն ընթացքին տիրած դրական մթնոլորտը, որուն էական կոչը քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ համախոհութիւնն էր:

Արիտի շեշտեց, որ երկխօսութեան սկզբունքը երբեք ժամանակի կորուստ չի նշանակեր:

Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ոմանք շատ լաւատես են, իսկ ոմանք կ՛ուղղուին դէպի յոռետեսութիւն` աւելցնելով սակայն, որ իրենք լուրջ են երկխօսութեան ընթացքին քննարկուող հարցերուն իմաստով, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնան այդ երկխօսութեան:

Սամի Ժեմայէլ ըսաւ, որ եթէ պահանջուածը Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնն է, ապա պէտք է սկսիլ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը ամբողջ երկրին տարածքին բանեցնելով եւ զէնքերը հաւաքելով, իսկ եթէ պահանջուածը բարեկարգումներ են, ապա խորհրդարանը պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ եւ սկսի օրէնքները սերտել:

«Ազգային երկխօսութեան մեր մասնակցութեան նպատակը սահմանադրութիւնը պաշտպանելն է», շեշտեց ան:

Ժըպրան Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են մշակելու այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ միայն մէկ եւ յստակ չափանիշ կ՛որդեգրէ:

«Մենք համոզուած ենք, որ մեր սահմանադրական իրաւունքն է խորհրդարանի օրինաթիւը պոյքոթի ենթարկել», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ եթէ իրենք կը փափաքին ունենալ համայնքային ընտրական օրէնք մը, ապա անիկա ուղղափառ համայնքի ընտրական օրէնքն է, իսկ եթէ ազգային ընտրական օրէնք մըն է պահանջուածը, ապա անիկա համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած օրէնքն է:

Նախորդը

Բանակը Որակական Գործողութեամբ Մը Կը Ձերբակալէ ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Պատասխանատուներ Թարեք Ֆլիթին Եւ Սամեհ Պրայտին

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Մեծ Յոյսեր Կը Կապէ Միացեալ Նահանգներուն Հետ` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?