Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ 8 օգոստոսին տեղի ունեցած է ամէնօրեայ հաւաք` ի պաշտպանութիւն «Սասնայ ծռեր» խումբին:
Քանի մը օրէ ի վեր հանրահաւաքը կը կատարուի ինքնաբուխ կերպով: Նախորդ օրերուն նման հաւաքներու ընթացքին խօսքեր արտասանած են քաղաքացիներ, որոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են երկրին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին:
Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ցուցարարներուն թիւը այնքան ալ մեծ չէ: «Ազատութիւն քաղբանտարկեալներուն» եւ «Սասնայ ծռեր»-ու անդամներուն լուսանկարներով պաստառները պարզած, անոնք կը բացագանչէին` «Սասնայ ծռեր»:
Նշենք, որ յստակ ծրագիր չէ հրապարակուած: Երկու օրէ օփերայի թատրոնին արտաքին լուսաւորումը արդէն անջատուած է:
Տիգրան Մանսուրեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք
Աշոտ Պետրոսեան Դադրեցուցած Է Հացադուլը
«Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-ը գտնուող «Սասնայ ծռեր»-ու անդամ Աշոտ Պետրոսեան 8 օգոստոսին հանդիպում ունեցած է յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի հետ եւ անոր հետ զրուցելէ ետք դադրեցուցած է 4 օր առաջ սկսած հացադուլը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած է Աշոտ Պետրոսեանի փաստաբանը` Արա Պապիկեան` նշելով, որ Աշոտ Պետրոսեան արդէն կը ստանայ բժշկական օգնութիւն, զոր կը մերժէր հացադուլի օրերուն:
Փաստաբանը նաեւ յայտնած է, որ Տիգրան Մանսուրեանն ու Աշոտ Պետրոսեանը շուրջ 2 ժամ զրուցած են` նշելով, որ թէեւ Աշոտ Պետրոսեան դադրեցուցած է հացադուլը, բայց պիտի փորձեն հանդիպում կազմակերպել նաեւ անոր ու յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանին միջեւ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Սասնայ ծռեր»-ու անդամ, գեղանկարիչ Աշոտ Պետրոսեանը, որ հրազէնային վնասուածք ունի, կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ յօրինողներ Տիգրան Մանսուրեանի եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի հետ: Ան 4 օգոստոսին սկսած էր հացադուլի եւ կը մերժէր բժշկական օգնութիւն ստանալ:
Ալեք Ենիգոմշեան Ազատ Արձակուեցաւ
Կազմակերպուած խումբի կողմէ ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք ձեռք բերելու, պահելու, փոխադրելու եւ Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի վարչական շէնքը, յարակից շինութիւնները գրաւելու ու պահելու վերաբերեալ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան հսկող դատախազը 8 օգոստոս 2016-ին որոշած է մեղադրեալ Ալեք Ենիգոմշեանի խափանման միջոց կալանաւորումը վերցնել` մեղադրեալը կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը չտեսնելով:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ նոյն օրը տրուած որոշման պատճէնները ուղարկուած են նախաքննութեան մարմինին եւ կալանաւորուածները պահելու վայրի վարչակազմին` մեղադրեալը անյապաղ ազատ արձակելու պահանջով: