Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Կը Ցանկայ, Որ Պաքուն Ու Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փոխզիջումային Եւ Երկուստեք Ընդունելի Լուծում Գտնեն» Ըսաւ Փութին

August 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin-Aliyev_80816

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի ձգտի, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար գտնեն փոխզիջումային եւ երկուստեք ընդունելի լուծում մը:

«Դուք նշեցիք Ղարաբաղի մասին: Ատիկա իրապէս խնդիր մըն է, որ մեզի բաժին հասած է մեր խորհրդային անցեալէն: Գիտեմ` որքան սուր է այս հարցը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի համար: Մենք պիտի ձգտինք հասնելու այն բանին, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը գտնեն այնպիսի լուծում մը, որ պիտի ըլլայ փոխզիջումային, սակայն երկուստեք ընդունելի», ըսած է Փութին:

«Որպէսզի այստեղ չըլլան յաղթողներ, այլ յաղթեն երկու երկիրներու ժողովուրդները, եւ երկու պետութիւններն ալ զգան, որ իրենք այդ բարդ խնդիրը լուծեցին ի շահ այսօրուան եւ ապագայի սերունդներուն», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին, Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը կրնան գտնել այն խնդիրներուն լուծման ուղիները, որոնք կապուած են առեւտրական համագործակցութեան ծաւալի նուազման հետ, որուն վրայ ազդած են համաշխարհային տնտեսութեան ճգնաժամային երեւոյթները եւ քարիւղի գիներու անկումը:

Ըստ անոր, առեւտրական շրջանառութիւնը տարբեր պատճառներով նուազած է: «Եւ մեզի համար այսօր ճիշդ ժամանակը պիտի ըլլայ խօսիլ այդ մասին, այդ հարցերու լուծման ուղիներ փնտռել», ըսած է ան:

Փութին նշած է, որ ռուսական շուրջ 600 ընկերութիւններ կ՛աշխատին Ազրպէյճանի մէջ, իսկ ուղղակի ներդրումները կը կազմեն մօտաւորապէս 1,5 միլիառ տոլար: «Մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի Կասպից ծովուն մէջ, ներառեալ զինուորական համագործակցութիւնը», նշած է ան:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը «ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ գործնականին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթ ստացած է, ինչ որ շատ կարեւոր է յարաբերութիւններու բազմազանացման համար»:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի. «Իրան Կը Պաշտպանէ Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութիւնը Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղուած Քայլերը»

Յաջորդը

Փոխուած Է Ոստիկանութեան Երեւանի Վարչութեան Պետը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 12, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.