Երէկ առաւօտեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր ներհայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն ընդհանրապէս հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուող լուսաբանումներուն եւ անոնց հետ կապուած խնդիրներուն: